Նորանշանակ Կարդինալները Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին այցելութիւն տուին Վաստակաւոր Քահանայապետին։

Կարդինալական տիտղոսի շնորհման արարողութեան աւարտին նորանշանակ Ծիրանաւորները հանդիպում ունեցան Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ս. Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կայացած Կարդինալական տիտղոսի շնորհման արարողութեան աւարտին նորանշանակ Կարդինալները Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերակցութեամբ այցելեցին Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիա վանքը, ուր 2013էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը։

Նորանշանակ Ծիրանաւորները առիթ ունեցան հակիրճ հանդիպում ունենալու վաստակաւոր Քահանայապետին հետ որ ողջունելով ներկաները  յիշեցուց Քահանայապետին նկատմամբ հաւատարմութեան արժէքը, ապա Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին նոր կարդինալներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 19:02