Միջուկային զէնքի փորձ Միջուկային զէնքի փորձ 

Սուրբ Աթոռը. Մարդկութիւնը՝ թող Երկիրը պաշտպանէ միջուկային զէնքի ուժէն։

Պետութիւնները պէտք է ամէն ջանք դափեն վերացնելու համար միջուկային զէնքերը ու ընդհանրապէս միւս զէնքերը, «որպէսզի մարդկային ընտանիքը վայելէ խաղաղութեան պտուղները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջուկային զէնքերու վրայ կեդրոնացած ՄԱԿ-ի ընդհանուր 74-րդ նստաշրջանի ընթացքին  ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Պերնարտիթօ Սուզա այդ առթիւ ունեցած իր միջամտութեան մէջ հաստատեց թէ՝ «կ՛ապրինք վրդովմունքի» ժամանակներ, ու թէ «աւելի մեծ սպառնալիք չկայ քան միջուկային զէնքի սպառնալիքը»։ Ան ապա դիտել տուաւ որ «զէնքերու վրայ վերահսկումի համակարգը աւելի թոյլ է քան անցեալը» ու թէ անոր վերաբերող պայմանագիրերը «կամ վերացուած են ու կամ կը խախտուին», այս ուղղութեամբ կոչ ուղղելով մարդութեան՝ «պաշտպանելու երկիրը, մեր հասարակաց տունը, միջուկային կործանիչ ուժէն»։

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւնները պէտք է ամէն ջանք դափեն վերացնելու համար միջուկային զէնքերը ու ընդհանրապէս միւս զէնքերը, «որպէսզի մարդկային ընտանիքը վայելէ խաղաղութեան պտուղները», ըսած էգերապայծառ Աուզա իր ելոյթին մէջ, վերյիշելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին «Փաչիմ ին թերրիս – խաղաղութիւն երկրի վրայ» առաքելական յորդորագիրը ու այդ առընչութեամբ վերահաստատելով որ «պատերազմը չի կարելի օգտագործել որպէս արդարութեան գործիք, ու թէ այդ համոզումի հիման վրայ է որ Սուրբ Աթոռը որդեգրած է միջուկային զէնքերու վերացումին պայմանագիրը ու ընդհանրապէս միջուկային զէնքերու արգիլումը։

Սուրբ Աթոռը, ըսաւ գերապայծառ Աուզա, համոզուած է որ այդ պայմանագիրերը «միջուկային զէնքերու զինաթափման ճարտարապետութեան մէջ կարևորագոյն կտորներ են և զիրար կը լրացնեն, իրագործելու համար  առանց միջուկային զէնքի աշխարհ մը»:

Եւ որպէսզի այդ պայմանագիրներու խոստումները իրականան հարկաւոր է գործել անյապաղ վերահաստատելու համար երկխօսութիւնը ու պայքարելու վստահութեան թերացումներուն դէմ, որոնք դժբախտաբար կը յատկանշեն զինաթափումի այսօրուայ իրավիճակը։

Գերապայծառ Աուզա հաստատեց նաեւ or միջուկային զէնքերու վերացումին համար պայմանագիրի վերատեսումին յատկացուած 2020 թուականին գումարուելիք խորհրդաժողովը կարեւոր  առիթ պիտի ըլլայ վերահաստատելու երկխօսութիւնը ու կառուցողական ընթացքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2019, 08:13