Սուրբ Պենետիկտոս Սուրբ Պենետիկտոս  (© Musei Vaticani)

Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան սուրբ հռչակուելուն 55-րդ տարեդարձ։

Եւրոպան ունի 6 պաշտպան սուրբեր, որոնք զատորոշուած եւ յատկանշուած են Եւրոպական երկիրներուն մէջ իրենց փոխանցած կրօնական եւ մշակութային արժէքներով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 24 հոկտեմբեր 2019-ին կը նշուի Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան սուրբ հռչակուելուն 55-րդ տարեդարձը։
Եւրոպան ունի 6 պաշտպան սուրբեր, որոնք զատորոշուած եւ յատկանշուած են Եւրոպական երկիրներուն մէջ իրենց փոխանցած կրօնական եւ մշակութային արժէքներով։

Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպայի պաշտպան միւս սուրբերն են.

Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոս, Եւրոպայի պաշտպան սուրբեր նշանակուած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կողմէ։ Այս երկու սուրբ եղբայրները մեծ ներդրում ունեցած են Սլաւ ժողովուրդներու մէջ։

Շուէտի Սրբուհի Պրիճիտա, ապրած է ԺԴ-րդ դարուն, Ան բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ կատարած է Եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկիր։ Եղած է զանազան բարեգործական հաստատութիւններու հիմնադիր։ Սրբուհի Պրիճիտա, Եւրոպայի պաշտպան Սրբուհի նշանակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ. Անոր բարձր հոգեւորական եւ պատմական քրիստոնէական վկայութեան համար։

Սրբուհի Քաթէրինա Տա Սիէնա, ապրած է ԺԴ դարուն, անդամակցած է Տոմինիքեան միաբանութեան։ Պօղոս Զ Սուրբ Քահանայապետը զինք նշանակած է` Եկեղեցւոյ վարդապետ։

Սուրբ Խաչի՝ Սրբուհի Թէրեզա Պենէտէթթա (Էտիթ Շթէյն), Սրբուհի եւ մարտիրոս, ծագումով Հրեայ կաթողիկէ, վախճանած է համաշխարհային Բ . պատերազմի նացիական շարժումի կողմէ կատարուած բնաջնջումի մարզադաշտի մը մէջ։

Սուրբ Պենետիկտոսը եղած է Պենետիկտեան միաբանութեան հիմնադիրը։ Ծնած է 480 թուականներուն Նորչա քաղաքին մէջ ու իր մահկանացուն կնքած է Մոնթեքասսինոյի աբբայարանին մէջ 21 մարտ 547-ին։

540 թուականին Մոնթեքասսինօ աբբայարանին մէջ Պենետիկտոս յօրինած է «Ռեկոլան» Պենետիկտեան միաբանութեան կանոնագիրքը հիմնուած Աւետարանին ուսուցումներու վրայ, որով կը հաստատէ կրօնաւորական կեանքի պայմաններն ու կանոնները, բնաբան ունենալով «Օրա էթ Լապորա - Աղօթէ եւ աշխատէ» խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2019, 08:16