Ընկերային Հաղորդակցութեան համաշխարհային օր։ Ընկերային Հաղորդակցութեան համաշխարհային օր։ 

Ընկերային Հաղորդակցութեան համաշխարհային 54-րդ օրուան Քահանայապետի պատգամին նիւթը։

«Որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն (Ելից 10,2)։ Կեանքը պատմութիւն կը դառնայ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 28 սեպտեմբեր 2019-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ընկերային հաղորդամիջոցներուն 54-րդ օրուայ պատգամին բնաբանը «Որպէս զի պատմես  քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն  (Ելից 10,2)։ Կեանքը պատմութիւն կը դառնայ» որուն առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ սոյն նիւթը քաղուած է Ելից գիրքէն որով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛ընդգծէ յիշողութեան ժառանգութեան  կարեւորութիւնը՝ հաղորդակցութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը յաճախ հաստատած է թէ չկայ ապագայ առանց ապրուած կեանքի մէջ արմատականութեան, մեզի հասկցնելով որ պատմութիւնը պէտք չէ նկատուի լոկ «անշարժ մարմին», այլ ուժաբանական իրականութիւն։ Յիշողութեան միջոցաւ է որ պատմութիւնը, յոյսերը ու երազները ինչպէս նաեւ փորձառութիւնները կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։

Առ այդ յառաջիկայ Ընկերային Հաղորդակցութեան համաշխարհային օրուան նիւթը մեզի կը յիշեցնէ  որ ամէն մէկ պատմուածք ծնունդ կ՛առնէ կեանքէն. Ուրիշի հետ հանդիպումէն։ Հաղորդակցութիւնը կանչուած է ուրեմն իրարու զօդելու կեանքն ու յիշողութիւնը։

Յիսուս առակներուն կը դիմէ հաղորդելու համար Աստուծոյ արքայութեան կենսական ուժը,  իրեն ունկնդրողներուն  ազատ  թողելով այդ պատմութիւնները ընկալել ու զանոնք պատշաճեցնել իրենց իրականութեան։

Պատմութեան մը ուժը կ՛արտայայտուի փոփոխութիւն յառաջացնելու անոր կարողութենէն։ Ինչպէս է պարագան սուրբերու կեանքին, որոնց «վկայութեան» մասին վերջերս յաճախ կը խօսի Քահանայապետը որ ապա բոլորէն կը խնդրէ մշակել հետեւեալ ձիրքը. Հաղորդակցութիւնը դարձնել գործիք՝ կամուրջներ կառուցելու համար, ապա միացնելու եւ կիսելու եղբայր ըլլալու գեղեցկութիւնը, ժամանակահատուածի մը ընթացքին որ յատկանշուած է  հակառակութիւններով ու բաժանումներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 12:00