Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ ՓոլԿալլակեր.«Սուրբ Աթոռը կ՝աջակցի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային գործակալութեան գործունէութիւններուն»:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պէտք է նպատէ նաեւ մարդկային համապարփակ զարզւգացման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբերին, ելոյթ ունեցած է   Վիեննայի մէջ  գումարուած  Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան 63-րդ ընդհանուր նիստին ընթացքին: 

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառը իր ելոյթին մէջ, Սուրբ Աթոռի բարեմաղթանքներն ու զօրակցութիւնը յայտնած է հիւլէական միջազգային  ուժանիւթի գործակալութեան անթիւ գործունէութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը նպաստեն միջազգային համագործակցութեան՝ հիւլէական զէնք կանխարգիլման համար:

Գերապայծառ  Փոլ Կալլակեր, փոխանցելով Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան 63-րդ նիստի մասնակիցներուն ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները, նկատել տուաւ, որ գործակալութեան գործունէութիւնները պէտք են նաեւ աջակցիլ մարդկային համապարփակ խթանման , նպաստելով հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 09:49