Կարդինալ Էչէկարէյը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Կարդինալ Էչէկարէյը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ 

Իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Էչէկարէյը՝ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մարդ։

Կարդինալ Ռոժէ Էչէկարէյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ երկուշաբթի օր 9 սեպտեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

96 ամեայ Ֆրանսացի Ծիրանաւոր Կարդինալ Ռոժէ Էչէկարէյ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ամենամօտ համագործակիցներէն մին որուն կը պարտինք 1986-ին Ասսիզիի մէջ գումարուած խաղաղութեան միջ կրօնական պատմական հանդիպումը, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, հինգշաբթի 4 սեպտեմբերի յետմիջօրէին՝ Ֆրանսայի Քամպօ Լէ Պէն գիւղաքաղաքին մէջ։

Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ ու վաստակաւոր նախագահ  «Քոր Ունում - Մէկ սիրտ» Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան, Կարդինալ Էչէկարէյը ծնած էր 25 սեպտեմբեր 1922-ին Էսփելէթ գիւղաքաղաքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 13 Յուլիս 1947-ին ու 1966էն 1970  վարեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։

 1969-ին Պօղոս Զ Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Փարիզի թեմի օգնական եպիսկոպոս ու յաջորդ տարին անոր կը յանձնէ Մարսիլիայի թեմը զայն նշանակելով Մարսիլիա Արքեպիսկոպոս։ 1979-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անոր կը շնորհէ կարդինալական տիտղոսը ու 1984-ին զինք կը նշանակէ Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ ու Քոր Ունում-ի նախագահ։

Այդ շրջանի որ Ան անխոնջ ծառայութիւն կը մատուցէ խաղաղութեան,  մարդկային իրաւունքներու յարգանքի ու աղքատներու կարիքներու հոգատարութեան ի նպաստ։

Կը կազմակերպէ 1986-ին Ասսիզիի միջ կրօնական հանդիպումը ու դիւանագիտական կարեւոր առաքելութիւններ կը կատարէ Սուրբ Աթոռի անունով որոնց շարքին 2002-ին Երուսաղէմ՝ հայցելու համար Միջին Արեւելիքի խաղաղութիւնը եւ 2003-ին Պաղտատ՝ այնտեղ տանելու Քահանայապետին հաշտութեան յատուկ պատգամ մը։

Կարդինալ Ռոժէ Էչէկարէյի  յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ երկուշաբթի օր Պայոնի Սրբուհի Մարիամ անուան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Անոր մահով Կարդինալական դասը կազմուած կ՛ըլլայ 213 կարդինալներէ որոնցմէ 118 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ եւ 95ը ոչ ընտրող։

Ֆրանչիսկոս Պապը որ առաքելական ճամբորդութեամբ կը գտնուի Մոզամբիկի մէջ ցաւով իմացաւ Կարդինալ Էչէկարէյի մահուան լուրը եւ այսօր առաւօտեան (5 սեպտեմբեր)  Մափութոյի առաքելական նուիրակութեան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը նուիրեց անոր հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան ու Կարդինալ Խոսէ Եզուս Փիմիենթօ Ռոտրիկէզի դիտաւորութեան, որ իր մահկանացուն կնքած էր 3 սեպեմբերին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2019, 08:00