Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի պատգամը Օրթոտոքս հոգեւորականութեան համամիութենական միջազգային 27-րդ համագումարի մասնակիցներուն։

«Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ողջունէ համագումարի մասնակիցները ու կը քաջալերէ խորացնելու հոգեւոր գանձերը որոն, կը միացնեն կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4-էն- 6 սեպտեմբերին, Պոզէի վանքէն ներս տեղի կ՛ունենայ  «Կանչուած ենք՝ Քրիստոսի կեանքին»  նիւթով՝ Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան համամիութենական միջազգային 27-րդ համագումարը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, աշխարհի բոլոր  եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ եւ որուն նպատակն է ուսումնասիրել մարդկային կոչումին իմաստը,  ինչպէս նաեւ քրիստոնէական կոչումը՝ աշխարհի, եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ համագումարի առթիւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Պոզէի համամիութենական հասարակութեան հիմնադիր ու Աբբահայր Եղբայր Էնցօ Պիանքիին յղած պատգամին մէջ կը գրէ «Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ողջունէ համագումարի մասնակիցները ու կը քաջալերէ զանոնք խորացնելու հոգեւոր գանձերը որոնք, կը միացնեն կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները որպէսզի դառնանք Աւետարանի ու Կեանքի  վաւեր վկաները եւ յոյս պարգեւել մարդկութեան որ իսկական պատասխաններու փնտռտուքի մէջ է։

Այս մաղթանքները Սրբազան Քահանայապետը կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները ու կը ջամբէ իր առաքելական օրհնութիւնը գրած է Կարդինալ Փարոլին պատգամի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2019, 14:48