Ռացիկներ Հիմնրակի նախագահ Հայր Լոմպարտի Ռացիկներ Հիմնրակի նախագահ Հայր Լոմպարտի 

Ժոզէֆ Ռացինկէր – Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան Հիմնարկի ծրագիրներու ներկայացում։

Հիմնարկը ծնունդ առած է 2010 թուականին նպատակ ունենալով խթանել ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակութիւններ Ժոզէֆ Ռացինկեր - Պենետիկտոս ԺԶի աշխատանքի ու մտքի վերաբերեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի նախագահ ու Ժոզէֆ Ռացինկէր – Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան Հիմնարկի գիտական կոմիտէի անդամ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին ինչպէս նաեւ հիմնարկի նախագահ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրները որոնք կ՛ընդգրկեն «Ռացինկեր մրցանակի» իններորդ փուլի տուչութեան արարողութիւնը, ապա «Եկեղեցւոյ Ընկերային վարդապետութեան լոյսին տակ, Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու տնտեսական, ընկերային եւ հոգեւոր իրավիճակը» նիւթով միջազգային գիտաժողով հուսկ Համա-ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած յատուկ ուսումնաժողով։

Ռացինկեր մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 9 նոյեմբեր 2019-ին, Վատիկանի մէջ, մինչ կեդրոնական եւրոպայի երկիրներուն յատկացուած Միջազգային գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 8 եւ 9 հոկտեմբերին Պուտաբեշտի մէջ, համագործակցութեամբ Հունգարիոյ Կաթողիկէ համալսարանին։ Ապա «Համա ամազոնեան տարածաշրջանի մարտահրաւէրները. Անհրաժեշտ համագործակցութիւն միջազգային կազմակերպութիւններու ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ բարոյական Ղեկավարներու միջեւ» նիւթով ուսումնաժողովը, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 19 հոկտեմբերին միշտ Վատիկանի մէջ, համա ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եւ 6 – 27 հոկտեմբերին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին զուգահեռ։

Ժոզէֆ Ռացինկէր – Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան Հիմնարկը ծնունդ առած է 2010 թուականին նպատակ ունենալով խթանել ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակութիւններ  Ժոզէֆ Ռացինկեր - Պենետիկտոս ԺԶի աշխատանքի  ու մտքի վերաբերեալ եւ աւելի ընդարձակ կերպով զարգացնել աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններ։

Անոր սահմանադրութեան մէջ ընդգծուած ծրագիրները ունին երեք ճիւղաւորում. առաջին մրցանակ՝ ուսումնասէրներու ու արժանի գործերու, երկրորդ գիտաժողովներու եւ հանդիպումներու կազմակերպում, հուսկ կրթաթոշակներու շնորհում արժանի աշակերտներուն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2019, 12:29