Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր- հոկտեմբեր ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը։

Կիրակի 6 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան 10, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացման սուրբ պատարագը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ՝ գերապայծառ Կուիտօ Մարինի, շաբաթ 14 սեպտեմբերին հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներու ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններու օրակարգը որ սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ 29 սեպտեմբերին, Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի  մէջ մատուցած սուրբ պատարագով նուիրուած Գաղթականի եւ Փախստականի  համաշխարհային օրուան։

Երեքշաբթի հոկտեմբեր մէկին Սրբազան Պապը երեկոյեան 6-ին Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ կը նախագահէ միսիոներական ամսուայ բացման ժամասացութեան արարողութիւնը,  ապա ուրբաթ 4 հոկտեմբերին, միշտ Վատիկանի մէջ, կը գլխաւորէ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան արարողութիւնը, հուսկ 5 հոկտեմբերի յետմիջօրէին նոյն վայրին մէջ կը նախագահէ Կարդինալական սովորական հանրային հաւաքին, որուն առթիւ Կարդինալական տիտղոսը կը շնորհէ անցեալ մէկ սեպտեմբերին յայտարարած կարդինալներուն։  

Կիրակի 6 հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան 10, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի բացման սուրբ պատարագը, մինչ յաջորդ կիրակի 13 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ սրբադասման արարողութիւն որուն առթիւ սուրբ կը հռչակուին 5 Երանելիներ, որոնց շարքին Ճովաննի Էնրիքօ Նիումանը։

Կիրակի 20 հոկտեմբեր 2019-ին՝Միսիոներական համաշխարհային օրուայ առթիւ,  Սրբազան Քահանայապետը Պապական Պազիլիքային մէջ պատարագ կը մատուցէ ու յաջորդ կիրակին՝ 27 հոկտեմբերին, միշտ Սուրբ Պետրոսին մէջ, կը նախագահէ Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին եզրափակիչ Սուրբ պատարագին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 12:59