Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն սինոդ Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն սինոդ 

Եպիսկոպոսներուն եւ Ամազոնի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում:

Հանդիպումին գլխաւոր նիւթն է Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի աշխատանքային փաստաթուղթը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

28-էն-30 օգոստոսին, Պրազիլի Պէլէն քաղաքի մէջ գտնուող Մոնթէ Թապոր անուան հոգեւոր կեդրոնին մէջ տեղի կ՝ունենայ եպիսկոպոսներու եւ Ամազոնեան տարածաշրջանին ղեկավարներու միջեւ հանդիպում, քննարկելու համար, 6էն-27 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի աշխատանքային փաստաթուղթը: Եպիսկոպոսներուն եւ

Ունկնդրէ լուրը

Ամազոնեան տարածաշրջանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում ձեռնարկին նախաձեռնողն է Ամազոնեան տարածաշրջանին եպիսկոպոսական յատուկ յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Ամազոնի , Պրազիլի եկեղեցական ցանցին:
Նշեալ հանդիպումի աշխատանքները կը ղեկաւարէ Կարդինալ Քլաուատիօ Հումէս որ է նախագահ ՌԵՓԱՄԻ եւ Ամազոնի սինոդի հոգաբարձուն::

Եպիսկոպոսներու եւ Ամազոնեան տարածաշրջանի ղեկավարներու միջեւ հանդիպումի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Պրազիլի Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ գործող 56 թեմեր, հոգեւոր առաջնորդներ, աշխարականներ ու կրօնաւորները –
Հոգեւոր առաջնորդներուն շարքին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Գերապայծառ Տաւիտ Մարթինեց ՏԷ Ակուի Կուինէա՝ Փերույի մէջ Փուերթօ Մալտոնատո թեմի եպիսկոպոսը, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի, գաղթականներուն բաժանմունքի ենթաքարտուղար, Հայր Միքայէլ Չզերնին, Ամազոնի սինոդի քարտուղարները:

Հանդիպումի իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Քրիսթեան Մուրայ՝ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2019, 11:55