Եմենի մէջ հակամարտութիւնը միշտ աւելիով ցաւալի է Եմենի մէջ հակամարտութիւնը միշտ աւելիով ցաւալի է 

«Եմենի մէջ հակամարտութիւնները միշտ աւելիով ցաւալի կը դառնան» Գերապայծառ Հինտէր։

Եմենի մէջ 2014-ին բռնկուած պատերազմը մինչեւ օրս արձանագրած է 10 հազար մեռեալ ու 55 հազար վիրաւորներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ գերապայծառ Փոլ Հինտէր, Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ Վատիկանի պաշտօնական գործակալութեան հետ ունեցած մէկ զրոյցի մը ընթացքին խօսած է Եմենի մոռացումի մատնուած պատերազմի մասին, յայտնելով որ իրավիճակը միշտ աւելիով ողբերգական է, յատկապէս վերջին այս շրջանին, ուր բացուած է նոր ճակատ մը ընդմէջ Սաուտական Արաբիօ ու Արաբական Էմիրութիւններու համակիրներուն որոնք կը պայքարին Թեհրանի թիկունքը վայելող Հուհիի ապստամբներու դէմ։

Ունկնդրէ լուրը

Եմենի մէջ 2014-ին բռնկուած պատերազմը մինչեւ օրս արձանագրած է 10 հազար մեռեալ ու 55 հազար վիրաւորներ։

ՄԱԿ-ի համար այդ հակամարտութիւնը յառաջացուցած է «մարդկայնական ամենածանր տագնապը» որուն բերումով 24 միլիոն Եմենցիներ (բնակչութեան 80 տոկոսը) կարիքը ունին մարդկայնական հրատապ օգնութիւններու։ Ասոնց կից կան ապա 2500 մանուկ զինուորներու հարցը  ու 15 տարեկանէն վար ամուսնացող  աղջիկներու հարցը։

Գերապայծառ Հինտէրի համար երկխօսութիւնը գրեթէ անկարելի է,որովհետեւ հակամարտող կողմերէ իւրաքանչիւրը կը ձգտի վերջնական խօսքն ու յաղթանակը ձեռք բերել։

Առաքելական  փոխանորդին համար համադաշնութեան ստեղծումը, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ,  կարող է ըլլալ լուծման մէկ  կարելիութիւն, թէեւ «ի տես այսօրուայ իրավիճակին չեմ գիտեր որքանով այս լուծումը իրատեսական է» ըսած է Գերապայծառ Հինտէր այդ առընչութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 10:02