Սուրբ Պետրոսի Տաճարը Սուրբ Պետրոսի Տաճարը 

Համաձայնագիր Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան միջեւ

Չորեքշաբթի, յուլիս 3ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, կատարուեցաւ համաձայնագրի վաւերացման փաստաթուղթերու փոխանակումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2017 թուականի փետրուարի 3ին, Պրազավիլլի մէջ, համաձայնագիր մը ստորագրուած էր Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի հանրապետութեան միջեւ։ Համաձայնագիրը որ այժմ ի զօրու է, կ՚երաշխաւորէ Եկեղեցւոյ՝ իր առաքելութիւնը կատարելու կարելիութիւնը Քոնկոյի մէջ։
Չորեքշաբթի, յուլիս 3ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, կատարուեցաւ համաձայնագրի վաւերացման փաստաթուղթերու փոխանակումը։ Ներկայ գտնուեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարօլին, պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերպ. Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըր, Քոնկոյի արտաքին գործերու նախարար՝ Ժան-Քլօտ Կաքոսսօ։
Համաձայնագիրը ըստ 18րդ յօդուածի ի զօրու է այս օրուանէ սկսեալ։ Ըստ համաձայնագրի, Եկեղեցին իր հաստատութիւններով կը ճանչցուի իբր իրաւական անձ։ Երկու կողմերն ալ, պահպանելով իրենց սեփական անկախութիւնը եւ ինքնավարութիւնը, յանձնառու են համագործակցելու մարդու հոգեւոր եւ նիւթական բարեկեցութեան եւ հասարակաց բարիքին ի շահ, յարգելով մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 11:04