Կարինալ Փարոլին Քոզովօ կատարած այցելութեան ընթացքին Կարինալ Փարոլին Քոզովօ կատարած այցելութեան ընթացքին  

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի երեքօրեայ այցը Քոզովօ:

Պենտեկոստէի տօնի օրը, Փրիսթինա թեմի, Մայր Թերեզա Քալքութթայի նուիրուած նորակառոյց եկեղեցիէն ներս կարդինալ Փարոլին նախագահեց 42 երիտասարդներու դրոշմի խորհուրդին սուրբ Պատարագին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 10 յունիսին, վերջ գտաւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ փարոլինի Քոզովօ կատարած երեքօրեայ հովուական այցելութիւնը, որուն ծիրէն ներս ծիրանաւորը այցելեց Քոզովոյի Փրիզրեն – Փրիսթինա թեմերը:

Ունկնդրէ լուրը

Ան Կիրակի 9 յունիսին, Պենտեկոստէի տօնի օրը, Փրիսթինա թեմի, Մայր Թերեզա Քալքութթայի նուիրուած նորակառոյց եկեղեցիէն ներս նախագահեց 42 երիտասարդներու դրոշմի խորհուրդին սուրբ Պատարագին:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին կարդինալ Փարոլին փոխադրուեցաւ Փրիզրեն թեմը, ուր նախագահեց Օգնութիւն Սուրբ Կոյս Մարիամ անուան եկեղեցւոյ վերանորոգումի աշխատանքներուն աւարտին, եկեղեցւոյ վերաօծման կարգին, որուն ներկաներուն շարքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ռազքա եւ Փրիզի թեմի Սերպիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը Թեստոզին:
Եկեղեցւոյ վերաօծման ծիրէն ներս կազմակերպուած հիւրասիրութեան ներկաներուն շարքին էր նաեւ Իսլամներու հասարակութեան կրօնապետ Իամա Թրնավան:

Երկուշաբթի, 10 յունիսին, նախ խան Հռոմ վերադարձը ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ երկրի քաղաքացիական իշխանութեան անդամներուն հետ, որոնց հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, անոնց ապահովեցուց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սուրբ Աթոռ կը մօտէն կը հետեւին տարածաշրջանի ժողովրդավարութեան գործընթացին եւ կը շարունակեն սատարել համերաշխութեան ամբողջացման ի խնդիր :
Վատիկանի Պետական քարտուղարին Քոզովօ կատարած այցելութեան վերջին հանգրուանը եղաւ՝ կղերին դասին, ժողովրդապետներուն եւ թեմի համագործակիցներուն հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին Փրիզրեն թեմի եպիսկոպոսը յոյս յայտնեց, որ վերջերս կայացած,  առաքելական ներկայացուցիչին եւ Վատիկանի Պետական քարտուղարի Քոզովօ կատարած այժմեան այցելութենէն ետք. ֆրանչիսկոսՊապ եւս  այցելէ Քոզովոյի թեմերը: Գերապայծառ Լուշ նշեց թէ երկրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կը հետեւին ոչ միայն քրիստոնեաները այլեւ ամէնքը, Անոր ՝ հոգեւոր քաջութեան համար, ինչպէս նաեւ պարզութեան եւ աղքատութեան ընտրանքներուն համար, ինչպէս նաեւ արուարձանները գնտուող երկիրներուն ցուցաբերած ուշադրութեան համար: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 11:24