Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 53 օրը Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 53 օրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները Համբարձման տօնի եւ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 53 օրուան առթիւ

Որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք բացայայտելու մեր հաւատացեալի ինքնութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 Յունիսին Եկեղեցին կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման տօնը։ Տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց.

«Համբարձման տօնը մեզ կը խրախուսէ հայեացքը սեւեռելու դէպի երկինք, Յարուցեալ Տիրոջ շնորհքով իրականացնելու համար մեզի յանձնուած առաքելութիւնը. Աւետարանը հռչակել բոլորին»։

Նոյն օր կը նշուի նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 53 օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Անդամ ենք մէկը միւսին. Ընկերային ցանցերու հասարակութենէն՝ մարդկային հասարակութիւն»։

Օրուան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ «Որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք բացայայտելու, ցանին մէջ եւս, այն հաղորդութիւնը որ կը յատկանշէ մեր հաւատացեալի ինքնութիւնը, բանալով երկխօսութեան, հանդիպումի եւ ժպիտի ճանապարհներ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2019, 09:30