Կաթողիկէ հրատակարչութեան միջազցայի օրերուն խորհրդանիշը Կաթողիկէ հրատակարչութեան միջազցայի օրերուն խորհրդանիշը 

Կաթողիկէ հրատարակչութեան միջազգային օրեր:

Նախատեսուած են որ կաթողիկէ հրատարակչութեան իջազգային օրերուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 50 կաթողիկէ տպագրատուներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու ժողովը համագործակցութեամբ Իտալական Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակին, 26 -29 յունիսին, կազմակերպած է յատուկ յայտագիրով մը կաթողիկէ հրատարակչութեան միջազգային օրեր ծրագիր:

Ունկնդրէ լուրը

Կաթողիկէ հրատարակչութեան միջազգային օրեր ծրագրին նպատակն է դիմագրաւել թուայնացումի կապուած միջազգային մարտհրաւէրները,  կիսելով տարբեր երկիրներուն եւ միջավայերէն ներս ձեռք բերուած փորձառութիւններ:

Կաթողիկէ հրատարակչութեան միջազգային օրերուն ծիրէն ներս պիտի գումարուին ժողովներ Հռոմի Auditoriuam անուան սրահէն ներս: Պիտի քննարկուին թուայնային աշխարհի եւ տնտեսական բարդ կացութիւններու եւ յարափոփոխ սովորութիւններու լոյսին ներքոյ, հրատարակչութեան նոր ռազմավարութիւններու հայող նիւթեր:

Նախատեսուած են, որ  կաթողիկէ հրատարակչութեան միջազգային օրերուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 50 կաթողիկէ տպագրատունեը, որոնք հաստատելով իրենց կամքը յաղթահարելու լեզուային եւ մշակութային բոլոր պատնէշները պիտի շօշափեն բանալի նիւթեր, ի շահ տպագրատուներու ապագային:

Չորեքշաբթի, 16 յունիսին համագումարին բացման խօսքով հանդէս կու գայ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու ժողովի կառավարիչ Տիար Փաուլօ Ռուֆինի ապա կը զրուցէ Վատիկանի տպագրատան խմբագրականի պատասխանատու Եղբայր Ճուլիօ Չեսարէօ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 13:22