Նոա Փոթովեն Նոա Փոթովեն 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. 17 ամեայ Նոա Փոթովէնի երիտասարդուհիի անձնասպանութեան ի լուր:

«Հեշտամահութիւնը եւ աջակցուած անձնասպանութիւնը, բոլորիս համար պարտութիւն է: »

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 5 յունիսին, Հոլանտացի 17 ամեայ Նոա Փոթովէնի անունով երիտասարդուհիի մը անձնասպանութեան ի լուր, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը : Ան թուիթին մէջ գրած է «Հեշտամահութիւնը եւ աջակցուած անձնասպանութիւնը, բոլորիս համար պարտութիւն է: Պատասխանը, որուն կանչուած ենք բոլորս ՝ է , երբեք չթողուլ ան, որ կը տառապի, այլ հոգալ եւ սիրել է ՝ դարձեալ յոյս ներշնչելու համար:

Յայտնենք , թէ  Հոլանտայի Արհնեմ քաղաքի մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ անձնասպան եղած է 17 ամեայ Նոա Փոթովէնին, ինքզինք զրկելով կերակուրէ ու ջուրէ:Ան դիմած է անձնասպանութեան, հոգեբանական ծանր հիւանդութենէ մը տառապելէ ետք: 

17 ամեայ Նոան, իր կեանքին ընթացին, երեք անգամ թիրախ դարձած է բռնաբարութեան:  Առաջին անգամ բռնաբարուած է 11 տարեկանին, դպրոցի բարեկամուհի մը տօնախմբութեան ժամանակ: Մինչ՝ վերջին անգամ երբ 14 տարեկան էր, ճամբուն վրայ քալած ժամանակ կը բռնաբարուի երկու հրէշ մարդոց կողմէ :

Անմեղ աղջիկը՝ Նոան , նախ քան անձնասպան ըլլալը, ընկերային հաղորդամիջոցներուն իր դիմատետրին մէջ յայտնած է այս աշխարհէն հեռանալու իր փափաքը, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր ինքզինք կենդանի չզգար՝ կեղտոտած մարմինին պատճառաւ եւ ինք գիտակից է այս անձնասպան ըլլալու որոշումին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 14:48