Արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզա Արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզա 

Գերապայծառ Աուզա «Իրենց անունով կոչել հաւատացեալներուն դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքները»:

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը նախ եւ առաջ դատապարտեց որեւէ կրօնի հաւատացեալներուն դէմ գործադրուած բռնութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջերս Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած «Պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ կրօնքի կապուած ահաբեկչական արարքներուն դէմ» նիւթով,  ՄԱԿ-ի կողմէ գումարուած ընդհանուր նիստին ընթացքին, ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի մօտ սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզան:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ելոյթին մէջ նախ եւ առաջ դատապարտելով որեւէ կրօնի հաւատացեալներուն դէմ գործադրուած բռնութիւնները իր գնահատանքը յայտնած է  ՄԱԿ-ի վերջին նստին որդեգրուած բանաձեւը, որ կը դատապարտէ որեւէ ահաբեկչական արարք գործադրուած պաշտամունքի որեւէ վայրերուն դէմ ՝ հրահրուած կրօնական ատելութենէն:

Գերապայծառ Աուզա յանձնարարած էժողովականները հաւասար կերպով պաշտպանել որեւէ կրօնքի պատկան հաւատացեալները:

ՄԱԿ-ի մօտ  Սուբր Աթոռի մնայուն դէտը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է  վերջերս աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ պաշտամունքի վայրերուն դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքներու՝ Միացեալ Նահանգներու Փիթսպուրկ քաղաքի հրեայ հասարակութեան դէմ յարձակումը, Փարիզի, Սրի Լանքայի, Սուրիոյ եւ Իրաքի ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներուն մէջ՝  ըլլայ մահմետականներուն ըլլայ քրիստոնեաներուն դէմ բռնութիւնները: 

Ան  ապա ընդգծելով ահաբեկչական արարքները կասեցնելու հրամայականը, քաջալերած է  որ այդ ահաբեկչական արարքները կոչել իրեցն անունով եւ զարգացնել հանդուրժողականութեան ու ներառումի հոգին:

Արքեպիսկոպոս Աուզա, նկատել տուած է , որ օրէնքի դիմաց բոլոր քաղաքացիները հաւասար են  եւ պէտք է ի յայտ դնել կրօնքի –պետութեան միջեց գոյացուած դրական եւ յարգալից տարբերութիւնը :

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը շեշտած է որ պէտք է պատժել բոլոր անոնց որոնք յանուն կրօնքի կը խեղաթիւրեն եւ կը մեկնաբանեն կրօնական դաւանանքը ՝չարիք գործելու համար:

Ան Յորդորած է  նաեւ խթանել միջ-կրօնական, միջ մշակութային իսկական երկխօսութիւնը, հետեւելով խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան ի խնդիր մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին,  զոր ստորագրեցին անցեալ Փետրուարին, Ապու Տապի մէջ ֆրանչիսկոս Պապն ու Աւագ Իմամ Ալ Ազհար Ալ Թայէպը՝ մեկնելով դպրոցներու մէջ արդիւնաբեր կազմաւորումի աշխատանքէն:

«Ընկերութիւնը կը հնձէ այն ինչ որ կը ցանէ» ըսած է արքեպիսկոպոսը մաղթանք յայտնելով, որ դպրոցներու մէջ ուսուցումը չնպաստէ ծայրայեղականութեան , այլ աշակերտները կրթել երխօսութեան, դառնալու համար ուրիշին արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները յարգող աշակերտներ ինչպէս նաեւ համերաշութիւն ու արդարութիւն սիրող երիտասարդներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 09:48