Առաքելական Պալատ Առաքելական Պալատ 

«Centesimus Annus» Հիմնարկի՝ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մասին միջազգային գիտաժողովը Վատիկանի մէջ։

Շաբաթ 8 Յունիսին գիտաժողովի բոլոր մասնակիցները պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհած մէկ ունկնդրութեան

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

6-էն 7 յունիս 2019-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ նախատեսուած է «Centesimus Annus – Pro Pontifice» հիմնարկի՝ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մասին  միջազգային գիտաժողովը «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը արմատներէն դէպի թուային դարաշրջան. Ինչպէս ապրիլ «Գովեալ Ըլլաս» ը» նիւթով։

Ունկնդրէ լուրը

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 31 զեկուցողներ որոնք՝ հիմնուելով  իրենց սեփական աշխատանքի փորձառութեան վրայ, իրենց գիտելիքի ու  պատասխանատուութեան նպաստն ու ներդրումը պիտի բերեն հաւաքին։

Շաբաթ 8 Յունիսին գիտաժողովի բոլոր մասնակիցները պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհած մէկ ունկնդրութեան։ Մինչ գիտաժողովի աւարտին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կը ներկայացնէ վերջնական նկատառումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2019, 09:00