Արժանթինի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 2 մայիսին, սկիզբ առաւ, Արժանթինի 106 եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը :
Ֆրանչիսկոս Պապ Արժանթինի եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի խումբ առ խումբ, 2-էն – 16 մայիս:
Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Արժանթինի եպիսկոպոսներուն միջեւ հանդիպումներուն նիւթ պիտի հանդիսանայ Արժանթինի մէջ դիմագրաւուած եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները, ինչպէս, 1987-ին ներմուծուած, ամուսնալուծման հարցը, միասեռականներու միջեւ ամուսնութիւնը, վիժումի օրինակացումի տարբեր փորձերը ինչպէս նաեւ դաստիարակչական մարզէն ներս կարգ մը հարցեր :
Արժանթինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները միշտ յանձնառու եղած են իրենց պարտականութեան: Ընկերային գետնի վրայ , անոնք պայքարած են երկիրը յուզող կարգ մը հարցերուն դէմ ինչպէս աղքատութիւնը, տնտեսական անհաւասարութիւնը՝ ծանրացած 2001-2002 թուականներուն երկրին մէջ տիրղ տնտեսական տագնապէն, հողագործներուն աշխատանքային վատ պայմանները, թմրամոլութեան երեւոյթները ինչպէս նաեւ գաղթականութեան եւ մարդավաճառութեան հարցեր :
Նշենք նաեւ, որ Արժանթինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին մեծ պայքար մղած է մանկապղծութեան ողբերգական հարցերուն դէմ: Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը խիստ օրէնքներ որդեգրած է մանկապղծութեան զոհերը քաջալերելու ՝ դատապարտելու համար կղերականներու կողմէ գործադրուած ահռելի արարքները:
2017-ին, Արժանթինի եպիսկոպոսները հովուական ծառայութեան յատուկ խորհուրդ մը ստեղծած են անչափահասներուն պատշպանութեան համար, որուն պարտականութիւնն է զարգացնել կանխարգիլումի յատուկ ծրագիրներ եկեղեցական կառոյցներէն ներս:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ