Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Քահանայապետը Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի մէջ որպէս խաղաղութեան եւ միութեան պատգամաւոր» Կարդինալ Փարոլին

Պետական Քարտուղարը այս ճամբորդութիւնը նկատեց հնարաւորութիւն՝ անգամ մը եւս արծարծելու հանդիպումի մշակոյթը ու տարբերին մէջ նկատելու փոխադարձ հարստութեան առիթ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 5էն 7 Մայիսին կայանալիք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին դէպի Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա 29-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին,  Վատիկանի պետական քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկան Նիուզ Վատիկանեան գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ այս ճամբորդութեան առանցքը կը կազմեն խաղաղութիւնն ու միութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնելով Պուլկարիայի ճամբորդութեան «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» նշանաբանէն, որ ներշնչուած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ Պապի յորդորագիրէն, Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր հետ պիտի տանի խաղաղութեան պատգամը, Յարուցեալ Քրիստոսի վկայութիւնը՝ որ Յարութենէն ետք իր աշակերտներուն երեւնալով անոնց ըսաւ «Խաղաղութիւն ձեզի»։

«Խաղաղութեան նիւթը արդարեւ կը խթանուի երկու ուղղութիւններով, ըսաւ Ծիրանաւորը, մէկ կողմէն ընդգծելով՝ Յովհաննէս ԻԳ Պապի յորդորագիրին մէջ պարունակուած  խաղաղութեան հիմքերը, ճշմարտութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն ու սէր, առանց որոնց կարելի չէ կառուցել իսկական խաղաղութիւն մը, ապահով ու մնայուն խաղաղութիւն մը ու միւս կողմէն վերակոչելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի օրինակը, որ եղաւ Պուլկարիայի մեծ բարեկամ, ուր ապրեցաւ 10 տարիներ ամբողջ, որպէս առաքելական այցելու եւ պատուիրակ։

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կ՛ուզէ ըսել որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի Յովհանէս ԻԳ կենցաղի վկայութեան հիման վրայ, այսինքն բարեկամութեան, խոնարհութեան, ուրիշի հետ հանդիպումի փնտռտուքով ինչպէս նեաւ ի յայտ դնելով այն ինչ որ կը միացնէ, աւելի քան այն ինչ որ կը բաժնէ» դիտել տուաւ կարդինալ Փարոլին մատնանշելով նաեւ որ «այս առաքելական ճամբորդութիւնը կը հիմնուի անցեալի ու ներկայի մի քանի նշանակալից դէմքերու վրայ, որոնց շարքին են Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս երկու սուրբ եղբայրները, որոնք առաջին հազարամեակի եկեղեցւոյ սուրբեր են, այսինքն այն ժամանակ երբ եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներ չի կային, թէեւ անոնք ապրեցան լարուածութիւններու շրջան մը եւ ամէն ջանք դափեցին ի նպաստ միութեան» - յարեց ապա Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը, այս ուղղութեամբ ընդգծելով նաեւ բաժանումները շրջանցելու կարեւորութիւնը։ Ան ապա ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պուլկարիայի Նէոֆիթ պատրիարքի միջեւ հանդիպումը որակեց «համամիութեան ուղիով հանդիպում  մը, ուր երկու եկեղեցապետերը իրար զիրար կը ճանչնան  որպէս եղբայրներ ի Քրիստոս, այն գիտակցութեամբ  որ  Աւետարանի տարածումը աշխարհի վրայ շատ աւելի խոր եւ ազդեցիկ պիտի դառնայ այն ժամանակ երբ միացած ըլլանք ու բոլորս միասին արտասանենք Փրկութեան Խօսքերը զոր Տէրը մեզի յանձնեց»  հաստատեց Վատիկանի Պետքարտուղարը։

Խօսելով ապա Սրբազան Քահանայապետին գաղթականներու հետ ունենալիք հանդիպումի մասին,  Կարդինալ Փարոլին շեշտեց այս ուղղութեամբ Քահանայապետի Վարդապետութեան չորս բայերը «ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել» հաստատելով թէ գաղթականութեան երեւոյթը Ֆրանչիսկոս Պապին ու եկեղեցւոյ ամենամեծ մտահոգութիւններէն մին է։

Անդրադառնալով հուսկ Հիւսիսային Մակեդոնիայի ճամբորդութեան, Կարդինալ Փարոլին դիտել տուաւ թէ այդ ճամբորդութեան կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Կալկաթայի Մայր Թերեզային տիպարը ու անոր աղքատներուն եւ բացառուածներուն վերապահած ուշադրութիւնը։

«Մայր Թերեզան ընդարձակ ծովուն ջուրերուն մէջ կաթիլ մըն էր, սակայն համոզուած էր թէ եթէ այդ կաթիլը չ՛ըլլար ծովուն մէջ պակաս բան մը պիտի ըլլար։ Ահա այս է հիմնական ուսուցումը որ մենք պէտք է սորվինք ու կարծեմ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը պիտի դնէ այս իրողութեան վրայ, այսինքն գործնական եղբայրսիրութեան վրայ,  որ ուշադիր է անհատին ու անոր արժանապատուութեան։

Զրոյցի աւարտին Պետական Քարտուղարը  ճամբորդութիւնը նկատեց հնարաւորութիւն՝  անգամ մը եւս արծարծելու հանդիպումի մշակոյթը ու տարբերին մէջ նկատելու փոխադարձ հարստութեան առիթ, որպէսզի, ըսաւ Ան, «բոլորն ալ աճին ու զարգանան, ըլլայ որպէս անհատներ ըլլայ որպէս հասարակութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 15:30