Ամազոնի բնիկներ Ամազոնի բնիկներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի Ամազոնի բնիկներու ղեկավար՝ Ռաոնին։

Սոյն հանդիպումով Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուզէ վերահաստատել իր ուշադրութիւնը Ամազոնիան շրջանի բնակչութեան ու միջավայրին նկատմամբ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի,  պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, հաստատեց թէ յառաջիկայ 27 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Ամազոնի  բնիկներու ղեկավար՝ Ռաոնիին։

Սոյն հանդիպումով Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուզէ վերահաստատել իր ուշադրութիւնը Ամազոնիան շրջանի բնակչութեան ու միջավայրին նկատմամբ ինչպէս նաեւ իր յանձնառումը պաշտպանելու ու պահպանելու Հասարակաց Տունը։

Ռաունիի հետ հանդիպումը մաս կը կազմէ յառաջիկայ 6էն 27 հոկտեմբերին Համա-Ամազոնեան շրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Սիւնհոդոսին նիւթն է «Ամազոնիա, նոր ճանապարհներ՝ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2019, 13:28