Երանելի Կուատալուփէ Օրթիս Տէ Լանտազուրին Երանելի Կուատալուփէ Օրթիս Տէ Լանտազուրին 

Երանելիներու շարքին կը դասուի աշխարհական Կուատալուփէ Օրթիս Տէ Լանտազուրին։

«Երբ Աստուած քեզ կը կոչէ, պէտք չէ վախնաս, նետուիր։ Անոր հետ կարող ես աներեւակայելի բաներ ստեղծել»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 18 Մայիս 2019-ին, Մատրիտի  «Palacio de Vistalegre» համալիրին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ եւ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուի նախագահութեամբ  կայացած սուրբ պատարագի ընթացքին, երանելիներու շարքին կը դասուի աշխարհական տիկին՝ Կուատալուփէ Օրթիզ Տէ Լանտազուրին։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ծնած էր Մատրիտի մէջ 1916-ին եւ հոգին աւանդած է առ Հայր Փամփլոնա քաղաքին մէջ 1975 թուականին։

Ան եղաւ առաջին կիներէն, որ հետեւեցաւ Սուրբ Խոսեմարիա Էսքրիվա Տէ Պալակերին, անոր «Opus Dei» միաբանութեան միջոցաւ՝ քրիստոնեաներու տիեզերական սրբութեան կոչումը տարածելու յանձնառումին մէջ։

Չորս եղբայրներու ամենափոքր քոյր, մանուկ հասակին Կուատալուփէ եղած է զօրեղ նկարագիրով անձ մը։ «Nuestra Señora del Pilar» վարժարանին մէջ, որպէս իր դասարանի միակ աղջիկ, մեծ յաջողութեամբ աւարտած է բարձրագոյն ուսումները, եւ 1933-ին սկսած է յաճախել «Universidad Central» համալսարանի քիմիական գիտութիւններու մասնաճիւղը։

1936-ի Յուլիսին՝ քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն,  Կուատալուփէի հայրը, որ զինուորական մըն էր, կը ձերբակալուի ու մահուան կը դատապարտուի։ Կուատալուփէ իր մօր հետ միասին կը մնան անոր կողքին մինչեւ կեանքին վերջին պահը, ու հակառակ կրած այդ մեծ վշտին ու Մատրիտէն փախուստ տալու պարտատրուածութեան, Կուատալուփէ երբեք ոխ չի պահեց իր հօր մահուան պատասխանատուներուն դէմ։

1939-ին, Պատերազմի աւարտին, Կուատալուփէ կը վերադառնայ Սպանիայի Մայրաքաղաք ուր կ՛աւարտէ Քիմիականի համալսարանական ուսումները ապա զանազան դպրոցներուն մէջ կը նուիրուի դասաւանդութեան։ Այնտեղ է որ կը ճանչնայ «Opus Dei»ի հիմնադիրը հասկնալով որ Աստուած զինք կը կոչէ մաս կազմելու միաբանութեան, ընտրելով առաքելական կուսակրօնութեան կեանքը։

1944ին Կուատալուփէ 27 տարեկան էր։ Այդ պահէն ան կը նուիրուի սրբութեան որոնումին, առօրեայի զբաղումներով  ու աշխատանքով։

Անոր ուրախութիւնը վարակիչ էր եւ յատկանշուած լաւատեսութեամբ ու վեհանձնութեամբ։  1950-ին «Opus Dei» միաբանութեան հիմնադիրը անոր կ՛առաջարկէ Մեքսիքա երթալ եւ Կուատալուփէ անմիջապէս կը հնազանդի եւ այնտեղ փոխադրուելով սկիզբ կու տայ «Opus Dei» միաբանութեան կամաւորական գործունէութեան. Յատկապէս զբաղելով գիւղացի կիներու կազմաւորումով, դաստիարակչական յատուկ ծրագիրներու միջոցաւ։

1956-ին ան կը փոխադրուի Հռոմ Սուրբ Խոսեմարիայի հետ միասին կառավարելու համար միաբանութիւնը, սակայն քիչ ամիսներ ետք, սրտի հիւանդութեան մը պատճառաւ, ստիպուած կ՛ըլլայ վերադառնալ Մատրիտ բժշկական խնամք ընդունելու համար ու հակառակ առողջապահական նուրբ իրավիճակին ան կը շարունակէ նոյն եռանդով յառաջ տանիլ իր առաքելութիւնը։

1975-ին առողջութեան վատթարացումի բերումով՝  կը ստիպուի փոխադրուիլ Փամփլոնա վիրահատութեան համար ու հակառակ գործողութեան յաջողութեան, շնչային տագնապի բերումով կը վախճանի՝ 16 յուլիս 1975-ին։

Անցեալ 5 հոկտեմբերին անոր աճիւնները փոխադրուեցան Մատրիտի «Oratorio del Caballero de Gracia» Եկեղեցի։

Նոր Երանելիին մասին արտայայտուելով Կարդինալ Պեչչու նշեց որ «ան «Opus Dei» միաբանութեան առաջին  աշխարհական  կինն է որ խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ», հաստատելով որ «Անոր սրբութիւնը պարզ սրբութիւն մըն է որուն կարողացաւ ձգտիլ՝ իր կեանքին կեդրոնը ընտրելով  Յիսուսը, Աստուծոյ հետ միութիւնը, զոր ապրեցաւ աղօթքի մէջ ու առօրեայի անցուդարձներուն մէջ»։

Կարդինալ Պեչչու նշեց նաեւ որ Կուատալուփէի մեզի թողած պատգամը հետեւեալն է. «երբ Աստուած քեզ կը կոչէ, պէտք չէ վախնաս, նետուիր։ Անոր հետ կարող ես աներեւակայելի բաներ ստեղծել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2019, 08:24