Ընտանիքի մը լուսանկար: Ընտանիքի մը լուսանկար: 

Հրապարակուեցաւ 2021 թուականի ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքի նիւթը

Ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքի նիւթը «Ընտանեկան սէրը կոչումի եւ սրբութեան ուղի:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 17 մայիսին, աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական ժողովը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ 23-էն -27 յունիս 2021ին կայանալիք ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքին համար Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս նիւթ ընտրած է հետեւեալը «Ընտանեկան սէրը, կոչումի եւ սրբութեան ուղի:»

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]

Հղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր «Սիրոյ ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրէն հինգ տարի ետք , եւ «Ցնծացէք եւ ուրախացէք» յորդորագիրէն երեք տարի վերջ , Ան կ՝ուզէ լուսարձակի տակ առնել ընտանեկան սէրը, իբր կոչում եւ սրբութիւն, ըմբռնելու եւ կիսելու համար առօրեայ կեանքէն ներս, ընտանիքներուն յարաբերութիւններուն՝ փրկագործական եւ խորին իմաստը:

Արդարեւ՝ քահանայապետական ժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յորդորէ վերստին կարդալ «Սիրոյ ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրգը, «Ցնծացէք եւ ուրախացէք» առաքելական յորդորագիրին, սրբութեան կոչումին լոյսին ներքոյ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 11:26