Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ ԵԿեղեցի Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ ԵԿեղեցի 

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմ հրաւիրած է Ուքրանիոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսը՝ միասին քննարկելու Ուքրանական տագնապը։

Ի տես Ուրքանիայի նուրբ եւ բարդ իրավիճակին Ֆրանչիսկոս Պապ 5 եւ 6 Յուլիսին, Հռոմ հրաւիրած է Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսն ու մնայուն սիւնհոդոսի անդամները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի 4 մայիսին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ «ի տես նուրբ եւ բարդ իրավիճակին որուն մէջ կը գտնուի Ուքրանիան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է յառաջիկայ 5 եւ 6 Յուլիսին, Հռոմ հրաւիրել Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսը, մնայուն սիւնհոդոսի անդամներն ու Մետրոպոլիտները»։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնք Ուքրանիոյ հետ կապ ունեցող Հռոմի Քուրիայի վարչական պատասխանատուներուն հետ միասին պիտի մասնակցին Ուքրանիոյ հարցին յատկացուած մէկ ժողովին։

«Սոյն ժողովով, նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը ցանկայ մօտիկութեան նշան մը տալ Ուքրանիայի Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որ իր հովուական ծառայութիւնը կը մատուցէ ըլլայ հայրենիքին մէջ, ըլլայ աշխարհի զանազան վայերուն մէջ»։

Վերոնշեալ հանդիպումը առիթ պիտի հանդիսանայ աւելիով վերլուծելու  Ուքրանիայի կեանքին ու կարիքներուն հայող հարցեր, նպատակ ունենալով յայտնաբերել պատշաճ ձեւերը որով Կաթողիկէ Եկեղեցին ու յատկապէս Յոյն կաթողիկէ եկեղեցին, միշտ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կարողանայ նուիրուիլ Աւետարանի քարոզութեան ու աջակցիլ տառապողներուն, խթանելով խաղաղութիւնը, կարելիին չափ համաձայնութեամբ Լատինածէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններու ու եկեղեցիներուն  հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 12:00