Ողորմութիւն Ողորմութիւն 

«Մեր սրտերը բանանք ողորմութեան» Ֆրանչիսկոս պապին թուիթը։

Եղբայրական ողջագուրումով դրոշմենք ներումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 ապրիլին,ըստ Լատինաց Աստուածային ողորմութեան կիրակին է։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ հրապարակած թուիթին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները սրտերը բանալու ողորմութեան ու դիմելու ներումին, որպէսզի, գրեց Ան, աշխարհին առջեւ հռչակենք թէ կարելի բարիով յաղթել չարին։

«Եթէ մեր սրտերը բացուին ողորմութեան ու եղբայրական ողջագուրումով դրոշմենք ներումը, աշխարհին առջեւ կը հռչակենք թէ կարելի է չարը յաղթել բարիով #Աստուածային ողորմութիւն» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2019, 13:30