«Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան  մէկ հաւաքը «Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան մէկ հաւաքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը «Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան հաւաքին առթիւ։

Երեք օր տեղւոյ համաժողովին բնաբանն է Յիսուսին Զակքէոսին ուղղած «Այսօր այս տան փրկութիւնը եկաւ» խօսքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան ազգային 42-րդ համաժողովին առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ մինչեւ, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ուղղած մէկ հեռագիրով Սրբազան Քահանայապետը այդ հաւաքը կկատեց  «յատկանշական պահ մը» մաղթելով որ «օգնէ իւրաքանչիւրին առօրեային ճանապարհներու ընդմէջէն համահունչ գտնուիլ Վարդապետին հետ»։  

Սրբազան Քահանայապետը  մեկնելով ապա ամէն մէկ քրիստոնեայի սրտին մէջ թաքնուած փափաքէն՝  ըլլալու նման Քրիստոսի, բոլորին վրայ հայցեց Սուրբ Հոգւոյն շունչը ու բոլորին իղձերը, առաջադրութիւններն ու յոյսը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին»։

«Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան երեք օր տեղւոյ  համաժողովին բնաբանը ներշնչուած է Յիսուսին Զակքէոսին հետ հանդիպումի դրուագէն ու Տիրոջ Զակքէոսի տունը տուած այցելութեան ընթացքին «այսօր այս տան  փրկութիւնը եկաւ» արտասանած խօսքէն։

«Արդարեւ ամէն մէկ մարդ իղձը ունի տեսնելու Յիսուսը եւ ապրելու բարի, արդար եւ երջանիկ կեանք մը» ըսաւ այս առթիւ «Սուրբ Հոգւոյն մէջ նորոգում» հասարակութեան ազգային համադրող Տիար Սալվաթորէ Մարթինէս։ Ամէն մէկ մարդու սրտին մէջ կայ նաեւ փրկութեան փափաքը, փրկութիւնը սակայն չի գար մարդոցմէ այլ Աստուծմէ» աւելցուց Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 08:33