Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը 

Քահանայապետի խորհրդատու Կարդինալներու 29-րդ Ժողովը։

Կարդինալական խորհուրդը հաստատուած էր 28 սեպտեմբեր 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագրիր նամակով մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 8 ապրիլէն մինչեւ չորեքշաբթի 10 ապրիլ 2019 Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետի խորհրդատու Կարդինալներու 29-րդ ժողովը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Ժողովին կեդրոնական նիւթն է Հռոմի Քուրիայի Առաքելական նոր Սահմանադրութիւնը որուն ժամանակաւոր վերնագիրն է «Praedicate evangelium»։  Նախ քան հրատարակումը Սահմանադրութիւնը պիտի ենթարկուի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու, Արեւելեան Եկեղեցիներու սիւնհոդոսներու, Քուրիայի բաժանմունքներու, Միաբանութիւններու մեծաւորներու եւ մի քանի Քահանայապետական համալսարաններու քննարկումին եւ խորհրդածութեան։

Նշենք թէ Քահանայապետի խորհրդական  Կարդինալական խորհուրդը հաստատուած էր 28 սեպտեմբեր 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագրիր նամակով մը, որպէս նպատակ ունենալով աջակցիլ Սրբազան Քահանայապետին ու անոր խորհուրդ տալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարման անոր պարտականութեան մէջ, ապա քննարկել եւ  ուսումնասիրել Հռոմի Քուրիայի համար առաքելական նոր սահմանադրութիւն մը։

Կարդինալական սոյն խորհուրդ այժմ կազմուած է վեց կարդինալներէ որուն մաս կը կազմեն Կարդինալ Օսքար Անտրէս Ռոտրիկէզ Մարատիակա՝ Թեկուչիկալփա թեմին եպիսկոպոսը, Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ՝ Վատիկան քաղաքի Պետութեան կառավարութեան նախագահ, Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս՝ Պոմպէյի թեմին առաջնորդ, Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքս՝ Մոնաքոյի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ՝ Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Կարդինալական Խորհուրդի ժողովներուն կը մասնակցին նաեւ Ալպանօ Թեմին եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարոն որպէս քարտուղար եւ գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ որպէս օգնական քարտուղար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2019, 09:58