Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Այսօր աշխարհի մէջ քրիստոնեաներ հալածուած են» Կարդինալ Փարոլին:

«Յիսուս ի սկզբանէ նկարագրած էր իր աշակերտներուն կեանքի պայմանները, որոնք մերժումի ու հալածանքի պայմաններ էին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հայոց մէկ Սուրբին անուան նուիրուած Ֆիրենցէի Սուրբ Մինաս աբբայարանին  մէջ անցեալ օրերուն կայացած  «Կրօններու Փառատօնին» առթիւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը Վատիկան Նիուզ Վատիկանեան լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ «Այսօր եւս աշխարհի մէջ քրիստոնեաները հալածուած են»։

Փառատօնին նպատակն էր խօսիլ կրօններու մասին ու անոնց ընկերութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։  Փառատօնը որ ունէր համամիութենական բնոյթ կայացաւ Հայաստան աշխարհէն ժամանած Սուրբ Մինասի նուիրուած աբբայարանի ներքոյ։ Սուրբ Միաս իր կարգին նահատակուած է Ֆիրենցէի մէջ Գ դարուն քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներու բերումով։

Կրօններու փառատօնը յատկանշուեցաւ նաեւ Սուրբ Մինասին նուիրուած հազարամեայի յոբելեանին փակումի արարողութեամբ,  որով 27 ապրիլի երեկոյեան Սուրբ Մինասի Աբբայարանի պազիլիքային մէջ Կարդինալ Փարոլինի մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին, փակումը կատարուեցաւ՝ 27 ապրիլ 2018-ին բացուած Սուրբ Դռան, վերջ տալով Աբբայարանին մէկ տարի տեւած Յոբելենական տօնախմբութիւններուն։

Վերոնշեալ հարցազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլին ի մէջ այլոց խօսեցաւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին ու յատկապէս իսկական հաւատքի մասին, որ հիմքն է երկխօսութեան, իսկ այն հարցումին թէ այսօր կարելի է խօսիլ քրիստոնեաներու մարտիրոսութեան մասին, Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ «այսօր քրիստոնեաները աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հալածուած են։« Յիսուս ի սկզբանէ նկարագրած էր իր աշակերտներուն կեանքի պայմանները, որոնք մերժումի ու հալածանքի պայմաններ էին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին որ ակնարկեց նաեւ Եւրոպայի մէջ կրօնի ու հաւատքի իմաստի կորուստի վտանգին այս մէկը նկատելով Եւրոպայի տագնապի պատճառներէն մին,  որովհետեւ, ըսաւ Ան, «երբ Աստուած կը պակսի կը պակսին նաեւ հիմնական արժէքները, քրիստոնէական ներշնչումով արժէքները որոնք Եւրոպայի հիմնարար արժէքներ են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 11:09