Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի ժողովը:

Յաջորդ կարդինալներու խորհուրդի ժողովը պիտի գումարուի 25-էն 27 յունիս 2019-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ գումարուած, ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդատու 9 Կարդինալներու խորհուրդի ժողովի աւարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսանտրօ Ճիզոթթի, չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, տեղեկութիւններ տուաւ նշեալ ժողովին շուրջ:

Ունկնդրէ լուրը

Ան նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ իր մասնակցութիւնը բերած է 8-էն-10 ապրիլին գումարուած ժողովին, որուն ընթացքին վերատեսումի ենթարկուած է նոր առաքելական սահմանադրութիւնը՝ վաւերացուած կարդինալներու խորհուրդին կողմէ:
Ժողովին ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած է, Հռոմի Քուրիայի միսիոնարական կողմնորոշում ունենալու կարեւորութիւնը՝ առաքելական նոր սահմանադրութեան լոյսի ներքոյ, եկեղեցւոյ մէջ բոլոր մակարդակներուն վրայ սինդոսական գործընթացը ամրապնդելու յանձնառումը, կին ղեկավարներու ներկայութիւնը ՝ Սուրբ Աթոռի զանազան կազմակերպութիւններուն մէջ եւ ի վերջոյ վերահաստատուած է սրբազան Պապին խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդին կարեւորութիւնը որուն պարտականութիւնն է, օգնել Պապին՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէջ եւ որուն գործառոյթը վերջ պիտի չգտնէ նոր առաքելական սահմանադրութեան հրապարակումով:

Յաջորդ կարդինալներու խորհուրդի ժողովը պիտի գումարուի 25-էն 27 յունիս 2019-ին:  Այս մասին ըսաւ,  տիար Ալեսանտրօ Ճիզոթթին՝ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 09:22