Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը 

Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական վեհաժողովին երկրորդ օրը։

Երկրորդ օրուան նիստերու կեդրոնական նիւթն էր «Accountability - հաշիւ տալու պարտականութիւն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 22 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9-ին Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ՝ մեկնարկեցին  Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական վեհաժողովի երկրորդ օրուան նիստերը, որոնք ինչպէս երէկ, սկիզբ առին աղօթքով ու սեռային չարաշահումներու թիրախ մէկ զոհի մը վկայութեամբ, որուն յաջորդեց լռութեան ու խոկումի երկար պահ մը, որմէ ետք գերապայծառ Փիացցապալլան աղօթք մը արտասանելով ըսաւ «ոչ մէկը պէտք է բռնութիւն ու ճնշում գտնէ եկեղեցւոյ մէջ, ընդհակառակը այնտեղ պէտք է գտնէ օգնութիւն եւ անվտանգութիւն։ Ան ապա Աստուծմէ հայցեց որ «եկեղեցւոյ ներքոյ առաքելութիւն կատարող անձերուն թոյլ չտայ որ չարաշահեն ուրիշները այլ սորվին խոնարհութեամբ ծառայել ուրիշին՝ որպէս Յիսուսին աշակերտներ»։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքէն ետք խօսք առաւ Հաւաքի Վարիչ՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմապարտին նշելով թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Պետրոսի Գահին տօնը, այս ուղղութեամբ շնորհաւորելով Ֆրանչիսկոս Պապը ու անոր ապահովեցնելով համայն եկեղեցւոյ աղօթքները։

Երկրորդ օրուան նիստերու կեդրոնական նիւթն էր  «Accountability -  հաշուետուութեան պարտականութիւն»։

Այս ծիրէն ներս օրուան առաջինը զեկուցողը եղաւ Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ եւ Պոմպէյ թեմին առաջնորդ՝ 74 ամեայ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասը, որ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ մը մէջ հաշիւ տալու Համախմբային ու Սիւնոհոդսական պարտականութեան։

«Ոչ մէկ եպիսկոպոս կարող է ինքնիրեն ըսել «այս Եկեղեցւոյ չարաշահումներու հարցը ինծի չի հայիր, որովհետեւ իմ երկրիս մէջ այդպիսի երեւոյթ չկայ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է համայն Եկեղեցւոյ համար։ Մենք կը կիսենք հաշիւ տալու պարտականութիւնը ու մեր մտահոգութիւնը պէտք է աւելի անդին երթայ տեղական եկեղեցւոյ շրջանակէն ու ընդլայնուի համայն եկեղեցիներուն, որոնց հետ հաղորդութեան մէջ կը գտնուինք» ըսաւ ի մէջ այլոց կարդինալ Կրասիասը, մինչ երկրորդ զեկոյցին հեղինակն էր Շիքակոյի Արքեպիսկոպոսը՝ 69 ամեայ Կարդինալ Պլազը Քուփիքը որ խօսքը կեդրոնացուց հաւաքական համապատախասնատուութեան վրայ եւ ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մայրեր ու Հայրեր մեզ կոչեցին հաշիւ տալու, պարզապէս որովհետեւ չեն կարող հասկնալ թէ ինչպէս մենք՝ եպիսկոպոսներ ու միաբանութիւններու մեծաւորներ, յաճախ կոյր ձեւացուցինք մենք զմեզ, ի տես անչափահասներու դէմ գործադրուած սեռային բռնութիւններուն։ Ծնողները կը վկայեն կրկնակի իրականութիւն մը զոր պէտք է հետապնդել այսօրուայ եկեղեցւոյ մէջ. անընդհատ ջանքի յանձնառում՝ արմատախիլ ընելու համար հոգեւորականներու կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումը եւ կղերապաշտութեան մշակոյթի մերժումը, որ յաճախ պատճառն է այդ չարաշահումներուն»։

Մինչ յետմիջօրէի նիստի ընթացքին «Հաղորդութիւն.միասին գործել» նիւթին մասին զեկուցեց Տիկ Լինտա Կիզոնին՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Բաժանմունքի աշխարհականներու բաժնի 53 ամեայ ենթաքարտուղարը որ շեշտը դրաւ «ունկնդրութեան կարեւորութեան վրայ որպէս միջոց գործելու ի նպաստ ապագայի մը՝ ուր Եկեղեցին իրաւասու կերպով, պատասխանատուութամբ ու գուրգուրանքով՝ խնամք տանի այդ հարցերու մէջ ներգրաւուած անձերուն ու կանխարգիլումը չի մնայ լոկ «յայտագիր» մը, այլ դառնայ հովուական սովորական վարուելակերպ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2019, 10:38