Վատիկանի մէջ ժողով Վատիկանի մէջ ժողով 

Սուրբ Աթոռի բաժանմունքներու ժողովը՝ անչափահասներու պաշտպանութեան վերաբերեալ:

ժողովը առաջին շօշափելի հետեւանքն է՝ Վատիկանի մէջ եզրափակուած եպիսկոպոսներուն անչափահասներու պաշտպանութեան նուիրուած հաւաքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի «Պոլոնիա» անուան դահլիճին մէջ, երկուշաբթի, 25 փետրուարին, գումարուեցաւ Սուրբ Աթոռի բաժանմունքներուն ժողով մը, որուն կեդրոնական նիւթը եղաւ անչափահասներուն չարաշահումի դէմ պայքարը, նկատուելով վերջերս Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու անչափահասներուն պաշտպանութեան նուիրուած ժողովին շօշափելի առաջին քայլը:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը, խօսելով վերոնշեալ ժողովին մասին յայտնեց թէ այդ ժողովը առաջին շօշափելի հետեւանքն է ՝ Վատիկանի մէջ եզրափակուած եպիսկոպոսներուն անչափահասներու պաշտպանութեան ժողովին:
Ժողովին մասնակցած են կարգ մը Վատիկանի Պետութեան պատասխանատուներ ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի բաժանմունքներուն ղեկավարներ:

Ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ շեշտուած է ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ շատ փափաքած անչափահասներուն պաշտպանութիւնը քննարկող եպիսկոպոսներու ժողովը, միջոցառում մը որուն այժմ պէտք է հետեւի շօշափելի ծրագիրներ, . «որոնք խիստ պահանջուած է Աստուծոյ ժողովրդին կողմէ» : նշած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը աւելցնելով , որ Սուրբ Աթոռի բաժանմունքներուն կարգ մը ղեկավարները իրենց ունեցած ելոյթներուն մէջ ընդգծած են սեռային չարաշահումի թիրախ զոհերուն ունկնդրելու հրամայականը, որպէս այդ ախտին դէմ պայքարելու մեկնակէտ:
Ժողովին ընթացին ընդգծուած է նաեւ աշխարհականներու ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ կազմաւորումի եւ կանխարգիլումի հոլովոյթէն ներս ներդրում կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս կարեւոր համարուած է նաեւ Սուրբ Աթոռի բաժանմունքներուն մակարդակով ժողովներուն գումարումը՝ ստուգելու համար Վատիկանի անչափահասներու պաշտպանութեան նուիրուած հաւաքի յառաջընթացը:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2019, 15:06