Ֆրանչիսկոս Պապին 26 փետրուարի թուիթը՝ բարեպաշտութեան մասին:
Բոլոր սրտով Աստուած սիրելու մէջ կը կայանայ իսկական բարեպաշտութիւնը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 26 փետրուարին, քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակած մէկ նոր թուիթով մը, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ իսկական բարեպաշտութեան, նշելով որ անիկա կը կայանայ բոլոր սրտով Աստուած եւ ուրիշը սիրելու մէջ:
«Իսկական բարեպաշտութիւնը կը կայանայ, բոլոր սրտով Աստուած սիրելու եւ ուրիշը մեր անձին պէս սիրելու մէջ:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
26/02/2019, 13:30