Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 Յունուարի թուիթը՝ «Վկայենք մեր ապրելակերպով»։

«Եթէ ապրինք այնպէս ինչպէս Յիսուսը մեզի սորվեցուց ու ներդաշնակութեամբ մեր հռչակածին հետ, մեր վկայութիւնը պտղաբեր կը դառնայ»

Հինգշաբթի 3 Յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները ապերու Յիսուսին դաստիարակութեան հետեւելով ու յատկապէս խօսքերը վերածելով գործի եւ ապրելակերպի, որպէսզի, գրեց Սրբազան Հայրը, մեր վկայութիւնը ըլլայ պտղաբեր։

«Եթէ ապրինք այնպէս ինչպէս Յիսուսը մեզի սորվեցուց ու ներդաշնակութեամբ մեր հռչակածին հետ, մեր վկայութիւնը պտղաբեր կը դառնայ» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2019, 13:30