Սուրբ  Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէս Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէս 

Լուրտի մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի Օրերը «Լրագրութիւն եւ համոզում» բնաբանով։

Փետրուար մէկին կը ներկայացուի Հայր Ժագ Համելի անուամբ մրցանակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

30 Յունուարէն մէկ Փետրուար 2019-ին Լուրտի քաղաքը պիտի հիւրընկալէ Սուրբ  Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի անուամբ 23-րդ Միաջազգային օրը, որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի եւ Կաթողիկէ  հաղորդակցութեան միջոցներու նախաձեռնութեամբ Սիկնիս հաստատութեան մասնակցութեամբ։

Վերոնշեալ հաւաքին նախատեսուած է 250 պատուիրակներու մասնակցութիւնը որոնք միասնաբար պիտի խորհրդածեն «լրագրութիւն եւ համոզում» նիւթին վրայ։ Տեղի ունենալիք ելոյթներու ու կլոր սեղաններու ընթացքին շօշափուելիք նիւթերու մաս կը կազմեն, ժողովրդավարութիւն եւ համոզումները, Եկեղեցի եւ համոզում, քաղաքականութիւն եւ համոզում ապա նաեւ համոզումներու անհրաժեշտութիւնը նիւթերը։

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տէ Սալէսի հայեացքին տակ տեղի ունեցած այդ համագումարին կը մասնակցի նաեւ  Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի կառավարիչը՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած փիլիսոփաներ, քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ հոգեւորականներ։

Համագումարը սկիզբ կ՛առնէ չորեքշաբթի 30 Յունուարի յետմիջօրէին, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, մինչ մէկ  փետրուարին ներկայացումը պիտի կատարուի Հայր Ժագ Համելի անուամբ մրցանակին, ի ներկայութեան նահատակ այդ կղերականի քրոջ։

Հայ Համել արդարեւ սպաննուեցաւ 26 Յուլիս 2016-ին իսլամ երկու ահաբեկիչներու կողմէ մինչ «Saint-Étienne-du-Rouvray»  գիւղի եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէր։ Անոր անուամբ մրցանակին նպատակն է թիկունք կանգնիլ խաղաղութեան ու յատկապէս միջ-կրօնական երկխօսութեան ձեռնարկներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 11:26