Սուրբ Պետրոսի մէջ Ծննդեան Մսուրին ու Տօնածառին բացումը (Տեսանիւթ)

Մսուրը նուէրն է Եզոլօ քաղաքին ու Վենետիկի Պատրիարքութեան մինչ տօնածառը նուէրն է ՝ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա Մարզին ու Քոնքորտիա-Փորտէնոնէ թեմին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 7 դեկտեմբերի յետմիջօրէին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ հրապարակին վրայ զետեղուած աւազէ շինուած հսկայական մսուրին ու լուսաւորուեցաւ ամանորի տօնածառը, ի ներկայութեան Մսուրին ու Տօնածառին նուիրատու քաղաքներու՝ քաղաքական ու եկեղեցական ներկայացուցիչներուն ու Վատիկան Քաղաքի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյին, որ այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ նշեց թէ «Պատիւ է մեզ համար Վատիկանի մէջ ընդունիլ արուեստական այսպիսի ստեղծագործութիւն մը ու Քանսիլիոի անտարներէն եկած ծառը»։

Նշենք թէ այս տարուայ մսուրը չորս արուեստագէտներու աւազէ շինուած մսուր մըն է  ու նուէրն է Եզոլօ քաղաքին ու Վենետիկի Պատրիարքութեան մինչ տօնածառը նուէրն է ՝ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա Մարզին ու Քոնքորտիա-Փորտէնոնէ թեմին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2018, 21:28