Սուրբ Պօղոս Զ Պապի Թարանթօ քաղաքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ժամանակ Սուրբ Պօղոս Զ Պապի Թարանթօ քաղաքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ժամանակ 

Սուրբ Պօղոս Զ Պապի Թարանթօ քաղաք այցելութեան 50 ամեակը:

1968-ին, Պօղոս Զ Սուրբ Պապը, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի Սուրբ Պատարագը ուզած է մատուցել Թարանդօ քաղաքի «Italsider» պողպատի գործարանին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոս Զ Պապին Իտալիոյ Թարանթօ քաղաք այցելութեան 50 ամեակի առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փալորին, 22-էն -23 դեկտեմբեր, Իտալիոյ Թարանթօ քաղաք կ՛այցելէ նախագահելու համար քահանայապետական այցելութեան յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն:
Արդարեւ ՝ 1968-ին, Պօղոս Զ Սուրբ Պապը, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի Սուրբ Պատարագը ուզած է մատուցել Թարանդօ քաղաքի «Italsider» պողպատի գործարանին մէջ, իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը բացայայտելու բանուորներուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղարի Թարանթօ այցելութեան լուրը հաղորդեց Թարանթօ թեմին արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ֆիլիփփօ Սանթորոն:
Սուրբ Պօղոս Զ-ի Թարանթօ քաղաք այցելութեան 50 ամեակի տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, կարդինալ Փարոլին, Թարանթօ քաղաքին մէջ Պօղոս Զ արձանին զետեղուելիք վայրին մէջ կը նախագահէ աղօթի յատուկ արարողութեան, ներկայութեամբ Թարանթօ թեմի արքեպիսկոպոս, Ֆիլիփփօ Սանթորոյին, որմէ անմիջապէս ետք ծիրանաւորն ու արքեպիսկոպոսը փոխադրուելով Սան Մասսիմիլիանօ Քոլպէ ժողովրդապետութիւն, հանդիպում կ՝ունեան Պօղոս Զ անուան թաղամասի բնակիչներուն հետ ուր՝ կը հանդիսապետեն ծիսական յատուկ արարողութեան:
Կիրակի 23 դեկտեմբերին, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ընկերակցութեամբ Թարանթօ թեմին արքեպիսկոպոս Սանթորոյին կ՝այցելէ պողպատի գործարանը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ գործարանի աշխատաւորներուն հետ, ի յիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Պապի յիշեալ գործարանի այցելութեան 50 ամեակի:
Պողպատի գործարանի աշխատաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ու անոնց ուղղած յատուկ պատգամէն ետք կարդինալ Փարոլին կը փոխադրուի Թարանթօ քաղաքի «Աւագ Աստուածամայր» անուան տաճար ու կը նախագահէ Սուրբ Պատարգի արարողութեան՝ ներկայութեամբ Փուլիա մարզի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ աւագ թեմի հաւատացեալներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2018, 09:52