Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց  Փարակուէյի նախագահին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Փարակուէյի նախագահին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Փարակուէյի նախագահին. Հաղորդագրութիւն։

Զրոյցներու ընթացքին դիմագրաւուեցան՝ միջազգային ու տարածաշրջանային երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ որ «Այսօր՝ Երկուշաբթի 5 նոյեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ըդնունեց Փարակուէյի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Մարիօ Ապտօ Պենիթեսը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Ջերմ խօսակցութիւններու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Փարակուէյի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններուն համար ապա ընդգծուեցան Քրիստոնեայ արժէքներու կարեւորութիւնը Երկրին պատմութեան եւ այժմէական իրականութեան մէջ։   Այս խիրէն ներս մատնանշուեցաւ տեղական եկեղեցւոյ իմաստալից սատարի մասին ի նպաստ Փարակուէյի ընկերութեան։ Ապա ակնարկուեցաւ Երկրին քաղաքական իրավիճակի մասին, յատուկէն անդրադարձ կատարելով ընկերային խթանումի ու ընտանիքի թիկունք կանգնելու մասին,  ապա աղքատութեան, կաշառակերութեան ու թմրավաճառքի դէմ պայքարի մասին։

Զրոյցներու ընթացքին դիմագրաւուեցան՝ միջազգային ու տարածաշրջանային երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 13:47