Կարդինալ  Լեոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի  

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի այցը Սուրբ Երկիր

Երուսաղեմ կեցութեան ընթացքին Կարիդինալ Սանտրի ընկերակցութեամբ Երուսաղեմի առաքելական պատուիրակին այցելեց նաեւ Երուսաղեմի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Գերերջանիկ Թեոֆիլոս Գ-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երուսաղեմի մէջ գումարուած, Սուրբ Երկրի միջազգային գործակալներուն վեհաժողովին առիթով, Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ արեւելեան ժողովին կառավարիչ՝ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի այցելեցին սուրբ երկիր։

Այցելութեան ծիրէն ներս՝ 26 նոյեմբերին, կարդինալ Սանտրրի՝ Յիսուսի Սուրբ Գերզմանոցի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով բացումը կատարեց Սուրբ Երկրի միջազգային գործակալներու վեհաժողովին որմէ ետք ապա մեկնարկեցին աշխատանքային նիստերը որոնց առթիւ ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը իր ողջունի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, որուն մէջ մատնանշեց Սուրբ Երկրի գործակալներուն ինքնութեան հայող Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի տեսակէտը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոս Զ Պապին, 1964-ին յունուար ամսոյն երուսաղեմ կատարած ուխտագնացութեան, որմէ անմիջապէս ետք երջանկայիշատակ Սուրբ պապը հրապարակեց «Մեծ ծրագրեր» իր առաքելական յորդորը ՝հայող Միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակին, որուն մէջ պարունակուած են մինչեւ այսօր այժմէական նկատուած, Աւագ Ուրբաթի դրամահաւաքի վերաբերող կանոնները:

Երուսաղեմ կեցութեան ընթացքին Կարիդինալ Սանտրի ընկերակցութեամբ՝ Երուսաղեմի առաքելական պատուիրակին այցելեց նաեւ Երուսաղեմի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Գերերջանիկ Թեոֆիլոս Գ-ին, որուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախ փոխանցեց ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյններ ապա քննարկեց Երուսաղեմի, Իսրայելի եւ Պաղեստինի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը, եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան հայող նիւթեր՝ ինչպէս Սուրբ Երկիր ուխտաւորներուն մեծ թիւի մատակարարումը, Սուրբ Եկրրի բաց ինքնութեան եւ բազմազանութեան բնոյթի պահպանումը մարդկային իրաւունքներու եւ միտք ազատութեան արտայայտութեան հայող հարցեր:

Կարդինալ Սանտրի Սուրբ Երկրի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Սուրբ երկրի մէջ Սպանիոյ, Իտալիոյ հիւպատոսներուն հետ եւ Եւրոապական միութեան եւ Մալթայի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք նիւթական նպաստով օժանդակեցին Սուրբ Երկրի մէջ կարգ մը դպրոցներու վերակառուցման աշխատանքներուն- ինչպէս նաեւ այլ բարեսիրական գործունէութիւններուն:

Ի վերջոյ արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչը Սուրբ Երկրի մէջ այցելեց Երուսաղեղի «Թանթուր» անուան համամիութենական կեդրոն, որ հիմնուած է Սուրբ Պօղոս Զ Պապին կամքով, ունենալով որպէս նպատակ կազմակերպել համամիութենական բնոյթ ունեցող հանդիպումներ՝ զանազան եկեղեցիներու միջեւ՝ ապրելու համար աղօթի- ուսմունքի բաժնեկցութեան պահեր:

Յիշեալ կեդրոնին մէջ արտասանած ողջոյն խօսքին մէջ կարդինալը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ապա ամբողջ խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Երկիր կատարած իր այցելութեան նպատակին վրայ, որ է իրականացնել Սուրբ երկրի մէջ ուխտագնացութեան փափաքը՝ հետեւելով Սուրբ Պօղոս Զ Պապին շուքին, որուն գագաթնակէտը կը հանիիսանայ Պօղոս Զ Պապը խորհրդանշող Թանթուր Համամիութենական կեդրոնը:

Խօսքին մէջ ծիրանաւորը ի մէջ այլոց դիտել տուաւ որ Մոնթինի Պապը, 1963-ին- քահանայապետ ընտրուելէ անմիջապէս ետ ուզած էր իր քահանայապետութիւնը հիմնել Քրիստոսին վրայ անցնելով Մեր Փրկչին անցած ուղիներու վրայէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 12:05