Սուրբ Պետրոսի գմբէթը Սուրբ Պետրոսի գմբէթը 

2018 տարուայ Վատիկանի մսուրն ու տօնածառը Իտալիայի նուէր։

Սուրբ Մսուրը նուէրէն է Իտալիոյ Եզոլօ քաղաքին, մինչ տօնածառը պիտի ժամանէ Քոնքորտիա-Փորտենոնէ թեմէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան  տօներուն առթիւ աւանդութիւնն է Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը զարդարել ամանորի տօնածառով եւ Յիսուսին սուրբ ծնունդը խորհրդանշող հսկայական մսուրով մը։ 

2018 տարուայ Սուրբ Մսուրը նուէրէն է Իտալիոյ Եզոլօ քաղաքին, մինչ տօնածառը պիտի ժամանէ Քոնքորտիա-Փորտենոնէ թեմէն։

Տօնածառի բարձրութիւնն է 21 մեթր։ Անոր զարդարանքը պիտի հոգայ Վատիկանի թէխնիքական ծառայութեան գրասենեակի տնօրէնութիւնը «Օսրամ» ընկերութեան համագործակցութեամբ։ Այս վերջինս  պիտի զբաղի ծառին լուսաւորումով։ Մինչ Մսուրը պիտի կառուցուի 25 մեթր քառակուսի տարածքի վրայ ։

Մսուրին ու տօնածառին բացման արարողութիւնը  նախատեսուած է յառաջիկայ 7 դեկտեմբեր 2018-ին։ Սուրբ Ծննդեան տօները խորհրդանշող այս երկու յատկանշական զարդերը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը մնան մինչեւ 13 յունուար 2019՝ որ Լատինաց մօտ  Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին օրն է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2018, 09:58