Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Երիտասարդներու տօնախմբութիւնը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի աւարտի նախօրեակին։

Երիտասարդները Քահանայապետին. «Մենք կ՛աղօթենք քեզի համար, կը բաժնեկցինք քու երազդ՝ դէպի դուրս եկեղեցի մը, բաց բոլորին ու յատկապէս տկարներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 26 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան Սիւնհոդոսի որպէս ունկնդիր մասնակցող երիտասարդները ուզեցին սիւնհոդոսի փակումը կատարել յատուկ տօնախմբութեամբ մը՝ «Շնորհակալ ենք Սրբազան Հայր» բնաբանով։

Երգերով ու վկայութիւններով յատկացուած տօնախմբութիւնը խանդավառեց բոլորը, անոր մաս կազմեց նաեւ Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուպարը կարդինալ Պալտիսերրի որ դաշնակի վրայ նուագեց «Տէպիւսսէի» կտորներ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ ներկայ գտնուեցաւ տօնախմբութեան սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն անոնց տալով ի սրտէ օրհնութիւնը։

Երիտասարդներուն նամակը Քահանայապետին 

Սիւնհոդոսի փակումին առիթով՝ սիւնհոդոսին որպէս ունկնդիր մասնակցող երիտասարդները շնորհակալութեան նամակ մը գրեցին  Ֆրանչիսկոս Պապին որուն մէջ հաստատեցին թէ իրենք իր հետն ու եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն հետն են, նոյնիսկ դժուար պահերուն»։

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Քահանայապետին իրենց շնորհած այդ յատուկ պատմական առիթն համար «որով միասին կերտեցին պատմութեան հատուած մը» գրեցին երիտասարդները հուսկ նշեցին թէ «այսօրուայ աշխարհը որ երիտասարդներուն կը ներկայացնէ բացառիկ հնարաւորութիւններ, տառապանքի հետ միասին, կարիքը ունի նոր պատասխաններու ու սիրոյ նոր ուժականութեան։ Կարիքը ունի վերագտնելու երջանկութիւնը ապրելու յոյսը որ կարելի է փորձարկել աւելի քան ստանալու՝ տալու եւ նուիրելու մէջ, աշխատելով աւելի լաւ աշխարհի մը կառուցումին համար»։

Մենք կ՛աղօթենք քեզի համար, կը բաժնեկցինք քու երազդ՝ դէպի դուրս եկեղեցի մը, բաց բոլորին ու յատկապէս տկարներուն, դաշտային հիւանդանոցի նման եկեղեցի մը» գրեցին հուսկ երիտասարդները նամակին մէջ վստահեցնելով իրենց յանձնառումը, մաս կազմելու եկեղեցւոյ ու գործելու ի նպաստ աւելի լաւ ընկերութեան մը կերտումին ու «խաղաղութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթին» որ որպէս «կեդրոն ընտրէ աղքատները՝ որոնց մէջ կարելի է գտնել նոյնինքն Յիսուսը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2018, 08:00