Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ  

Սկովտիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը։

Սկովտիայի 5 միլիոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի Սկովտիայի եկեղեցւոյ մինչ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներուն թիւը 700 հազար է։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարելիք կանոնական հնգամեայ այցելութեան առթիւ Սկովտիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները այս օրերուն կը գտնուին Հռոմի մէջ  ուր ուխտագնացութիւն կատարելէ ետք Սուրբ Պետրոսի դամբանին հանդիպումներ ունեցան Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ մինչ  հինգշաբթի 27 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան  անոնք հանդիպեցան Նորին Սրբութիւն՝ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Սկովտիայի 5 միլիոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի Սկովտիայի եկեղեցւոյ մինչ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան հաւատացեալներուն թիւը 700 հազար է։ Սկովտիայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի երկու աւագ թեմեր եւ 6 այլ թեմեր որոնք կը կառավարուին Սկովտիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ,  որ կազմակերպուած է ներքին ինը խորհուրդներով ու յանձնախումբերով։ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու շարքին են հաւատացեալներու նուազեցումը ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացումը ու Եկեղեցւոյ մէջ պատանիներու դէմ գործուած պղծութիւնները։ Եկեղեցին ապա յանձնառու է համամիութենական գործընթացին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2018, 09:37