Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. Սրբազան Պապը Չինացի կաթողիկէներուն կը յանձնէ համերաշխութեան ի սպաս յանձնառութիւնը

Կարդինալ Փարոլինի յայտարարութիւնը հայող Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիրին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, սեպտեմբեր 22-ին, Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներուն անուանումի շուրջ, Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիր ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին տեսերիզի մը միջոցաւ կատարեց յայտարարութիւն մը նշելով -

«Եպիսկոպոսներուն անուանումի հայող Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան ընդմէջ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիրը ունի կարեւոր մեծ նշանակութիւն, յատուկէն Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին համար, Սուրբ Աթոռի եւ այդ երկրի քաղաքացիական իշխանութեան միջեւ երկխօսութեան համար, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութեան հեռանկարի մը ամրապնդման ժամանակամիջոցի մը մէջ, ուր անթիւ բախումներ կը փորձարկենք, համաշխարհային բոլոր մակարդակներու վրայ :

Սուրբ Աթոռի նպատակը, հովուական խնամակալութեան նպատակ է, այսինքն օգնել տեղական եկեղեցիներուն, որպէսզին անոնք կարենան յաւելեալ ազատութեան, ինքնաբաւութեան եւ կազմակերպութեան պայմաններ վայելել, նուիրուիլ կարենալու համար Աւետարանի պատգամը հռչակելու առաքելութեան եւ նպաստելու ընկերութեան եւ անձի համապարփակ խթանման:

Տասնեակ տարիներէ ի վեր առաջին անգամն է, որ այսօր Չինաստանի մէջ բոլոր եպիսկոպոսները հաղորդութեան մէջ են Հռոմի եպիսկոպոսին հետ: Ֆրանչիսկոս Պապ՝ նման իր անմիջական նախորդներուն, կը դիտէ եւ յատուկ ուշադրութեամբ ու խնամքով կը վերաբերի Չինաստանի ժողովուրդին հետ: Կարիքը կայ միութեան, կարիքը կայ վստահութեան եւ նոր սլացքի, կարիքը կայ բարի հովիւներ ունենալու ճանչցուած՝ ըլլայ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, ըլլայ անոնց երկրի քաղաքացիական օրինական իշխանութեան կողմէ : եւ այս հեռանկարով է, որ համաձայնագիրը կ՝առաջադրուի, ան գործիք մըն է , որ յուսանք կարենայ օգնել սոյն գործընթացին, բոլորին համագործակցութեամբ:

Չինաստանի կաթողիկէ հասարակութեան՝ եպիսկոպոսներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ հաւատացեալներուն ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն կը յանձնէ, եղբայրներուն միջեւ համերաշխութեան հարազատ հոգին ապրելու յանձնառութիւնը, շօշափելի ճեսթեր, որոնք կը սատարեն շրջանցելու անցեալի անհասկացողութիւնները, ինչպէս նաեւ ոչ հեռու անցեալի անհասկացողութիւնները: Այս ձեւով Չինաստանի մէջ հաւատացեալները ու կաթողիկէները կրնան իրենց յատուկ հաւատքը վկայել, կրնան նաեւ բացուիլ բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան խթանման»: ըսաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կատարած յայտարարութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 14:41