Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

«Մեր առաջին յանձնառումը մանկապղծութեան զոհերը օգնելն է» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Այսօր ընտանիքը ունի կարեւոր դեր մը, այսինքն վկայել Աւետարանի ուրախութիւնը

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Իռլանդայի կատարած այցելութեան առիթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հարցազրոյց մը տուած է, անդրադառնալով Սրբազան Պապին՝ ընտանիքներու տուած կարեւորութեան։

Ծիրանաւորը կը նշէ, թէ Սրբազան Հայրը իր այցելութեան առիթով պիտի շեշտէ Եկեղեցւոյ հարուստ վարդապետութեան այն սկզբունքները որոնք կը հային ընտանիքին։ Ընտանիքը ունի կենդրոնական տեղ ընկերութեան մէջ, եւ պէտք է նեցուկ կանգնիլ ընտանիքին իբր սիրոյ եւ հաւատարմութեան իրականութիւն, նեցուկ կանգնիլ ընտանիքի առաքելութեան՝ որպէսզի ան առաջնորդէ եւ դաստիարակէ։ Սրբազան Պապը պիտի քաջալերէ ընտանիքները, յիշեցնելով անոնց, որ վկայեն Աստուծոյ սիրոյն ներկայութիւնը. պիտի շեշտէ ընտանիքի կարողութիւնը՝ ստեղծելու այն երջանկութիւնը, որ այսօր աշխարհ կը փնտռէ իր բոլոր ուժերով։

Կարդինալ Փարոլին կը հաւատայ թէ «այսօր ընտանիքը ունի կարեւոր դեր մը, այսինքն վկայել Աւետարանի ուրախութիւնը, տալ Աստուծոյ սիրոյն վկայութիւն՝ որ գիտէ փոխակերպել անհատներու կեանքը, գիտէ փոխակերպել հասարակութեան կեանքը։ Այսօր կʼապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդիկ կը տառապին առանձնութենէ եւ մեկուսացումէ։ Առանձնութիւն մը եւ մեկուսացում մը, որ վերջիվերջոյ կը վերածուի մեկուսացումի նաեւ Աստուծոյ նկատմամբ։» Այս պատճառով է որ Սրբազան Պապը կը շեշտէ ընտանիքի դերին վրայ՝ վերարծարծելու անհատական եւ համայնքային մակարդակի վրայ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, հաղորդութեան գիտակցութիւնը, յարգանքի գիտակցութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին կ՛ըսէ՝ «կը հաւատամ թէ ընտանիքը այսօր պէտք է կատարէ այս դերը մեր ընկերութենէն ներս»։

Ծիրանաւորը ապա կ՛անդրադառնայ Եկեղեցւոյ կատարելիք դերին։ Աննկատ չի ձգեր, թէ կան շատ մը բուժելի վէրքեր, շատ մը առանձնութիւններ եւ շատ մը քայքայումներ, ուր պէտք է վերակազմութեան աշխատանք տարուի։

Ասոր համար Սրբազան Պապը իր առաջին շրջանին գործածած էր «դաշտային հիւանդանոցի» պատկերը, ցոյց տալու համար թէ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ անհատներու մօտիկ, ընկերանայ անոնց աճումի եւ բուժումի ճանապարհին վրայ։

Կարդինալ Փարոլին այս կեցուածքը կը բնորոշէ իբր «ընկերանալ, այսինքն՝ ունկնդրելու կարողութիւն, երկխօսութեան կարողութիւն, միասնաբար աճելու կարողութիւն։» Ան կը նկատէ, թէ Սրբազան Պապը «կʼըսէ թէ պէտք է սկսինք մեր անձերէն, այն իմաստով, թէ ընտանիքները ինքնին, Եկեղեցին ինքնին պէտք է յանձնառու ըլլան։»

Սրբազան Հայրը այս կէտը շեշտած էր իր «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականին մէջ։ Այստեղ Կարդինալ Փարոլին կը յիշէ քրիստոնեայ հասարակութեան պարտականութիւնը՝ բացի գործունեայ վկայութենէ, նաեւ պարտականութիւնը խանդավառելու քաղաքական հասարակութիւնը, որ ան ուշադիր ըլլայ ընտանիքի իրականութեան, ուշադիր ըլլայ ընտանիքի կարիքներուն եւ պէտքերուն եւ ընդառաջէ օրէնսդրական յարմար միջոցառումներով։

Հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլին կ՛անդրադառնայ մանկապղծութեան կործանիչ իրականութեան։ Ծիրանաւորը կը հաստատէ, թէ «Սրբազան Քահանայապետը միշտ շեշտած է եւ կը շարունակէ շեշտել թէ մեր առաջին պարտականութիւնն է, մեր առաջին յանձնառութիւնն է ըլլալ մօտիկ զոհերուն, օգնել անոնց՝ որպէսզի անոնք կարենան «վերակերտել» իրենց կեանքը։

Կը հաւատամ, թէ Իռլանդայի Եկեղեցին ճանչցած է իր թերացումները, իր սխալները, իր մեղքերը, եւ միաժամանակ կը զինուի լուրջ միջոցներու ձեռքբերմամբ, որոնք պիտի կարենան առաջքը առնել որ այս վայրագութիւնները եւ սարսափները չկրկնուին - ըսած է Պետական քարտուղարը եւ աւելցուցած «Յամենայն դէպս, կը հաւատամ, թէ Սրբազան Պապին Իռլանդա կատարած ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ մասնաւորապէս յոյսի եւ վստահութեան կարգախօսին տակ. այն վստահութեան՝ որ անուանած եմ Աստուծոյ սիրոյն ազատարար, փոխակերպիչ, փրկարար ոյժը, որ կը փորձարկուի ընտանիքին մէջ։ Հետեւաբար նաեւ պատգամ մըն է բացուելու ապագային՝ որ այս հաւատքը, որ միշտ բնորոշիչ եղած է Իռլանդայի եւ Իռլանդայի ժողովուրդին համար, գիտնայ վերածնիլ սրտերուն մէջ եւ տալ խաղաղութեան եւ երջանկութեան պտուղներ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2018, 09:00