Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը 

Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը պիտի տրամադրուի Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին:

Ֆաթիմային Տիրամօր արձանը քանդակուած է Աստուածածնի երեւումին ականատես քոյր Լուսիային տուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2000 թուականէն ասդին, Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը առաջին անգամուան համար Փորթուկալէն դուրս պիտի բերուի, զայն տրամադրելու համար Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 22-27 յունուար 2019-ին: Այս մասին յայտնած է գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ պատկերասփռուած պատգամով մը:

Տիրամօր պատմական արձանը քանդակուած է Աստուածածնի երեւումին ականատես քոյր Լուսիայի տուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ:

Աւելին քան 64 երկիրներուն մէջ ցուցադրուելէ ետք, 2000 թուականին, որոշում առնուած է, որ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը մնայուն կերպով ցուցադրուի Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրէն ներս, ի յիշատակ Երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին հեղինակ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին , որ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունեցած է Ֆաթիմային Տիրամօր հանդէպ:

Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի առթիւ փոխադրուելիք Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը Փանամային մէջ նախ պիտի պահպանուի Լուրտի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ ապա պիտի փոխադրուի Փերտոն Փարք շրջանի «Ամենայն Սրբոց» անուան մատուռ, որուն վրայ պիտի հսկեն Մայր Թերեզայի քոյրերը:

2019-ին, 26- 27 յունուար ամսոյն՝ շաբաթ եւ կիրակի օրեր, Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը պիտի տրամադրուի Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ՝ հսկումի Սուրբ պատարագի արարողութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2018, 09:58