Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի՝ Պօղոս Զ Քահանայապետ Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի՝ Պօղոս Զ Քահանայապետ 

6 օգոստոսին կը յիշատակուի Պօղոս Զ Քահանայապետի մահուան 40-րդ տարեդարձը։

Յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ Պօղոս Զ Քահանայապետը պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ Սուրբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

6 օգոստոս 1978-ին՝ Յիսուսի այլակերպութեան տօնին օրը, Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցին մէջ իր մահկանացուն կը կնքէր երջանկայիշատակ ու մօտ ապագային խորաններու պատուոյն արժանացող՝ աւազանի անունով   Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի՝ Պօղոս Զ Քահանայապետը։

Ան  ծնած էր Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի՝ Քոնչեսի գիւղաքաղաքին մէջ՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին։ Կարճ ժամանակ ծառայած է իբր ժողովրդապետ, ապա Սուրբ Աթոռի մօտ վարած է զանազան պաշտօններ։ Աչքառու է, որ ան Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի օրով, Պետական Քարտուղարի հանգամանքով, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր հրեայ փախստականներ պահելու Վատիկանի մէջ։

21 յունիս 1963ին ընտրուած է քահանայապետ, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին ու շարունակելով այս վերջինիս սկսած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը։  Անոր քահանայապետութիւնը տեւած է 15 տարի։ Ան ճանչցուած է որպէս մեծ բարեկարգիչ ու եկեղեցական կեանքն ու կառոյցը բարենորոգող Քահանայապետ։  Աշխարհի մեծ յեղաշրջումի ժամանակամիջոցին,  Պօղոս Զ Պապը Տիեզերական եկեղեցին ղեկավարած է մեծ  ուշիմութեամբ։

19 հոկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Պապ զայն կը դասէ երանելիներու շարքին։ Իսկ յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հանդիսաւոր արարողութեամբ ի շարս այլ սրբադասումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ Քահանայապետը պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ Սուրբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2018, 08:02