Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան միջազգային օր Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան միջազգային օր 

Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան միջազգային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը:

Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան մի ազգային օրը հռչակուած է 1997 թուականին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի՝ 26 Յունիս 2018-ին ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան» միջազգային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ գրեց «մարդիկը խոշտանգելը մահացու մեղք է։  Թող որ Քրիստոնեայ հասարակութիւնները յանձնառու ըլլան՝ աջակցելու խոշտանգումներու զոհերուն»։

Նշենք թէ  Խոշտանգումներու զոհերու աջակցութեան միջազգային օրը հռչակուած է 1997 թուականին, ՄԱԿ-ի  Գլխաւոր  վեհաժողովի տնտեսական եւ ընկերային խորհրդի առաջարկով։ Այդ օրուան նշման նպատակն է արմատախիլ ընել խոշտանգումները եւ ապահովել Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, տմարդկային կամ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքներու դէմ  պատժի արդիւնաւէտ գործողութիւններ:

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2018, 11:30