Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան համաշխարհային օրը Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան համաշխարհային օրը  

Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Քահանայապետին թուիթը։

Օրը հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1972 թուականին ու ամէն տարի կը նշուի Յունիս 5-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէր արթնցուր մեր մէջ փառաբանութիւնն ու երախտագիտութիւնը՝ մեր Երկիր մոլորակի ու իւրաքանչիւր քու ստեղծած արարածի նկատմամբ»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքի վրայ հրապարակած թուիթին մէջ, 5 յունիս 2018-ին., շրջակայ միջավարի պահպանութեան նուիրուած համաշխարհային օրուան առթիւ, աղօթք բարձրացնելով առ Արարիչն Աստուած որ մեզի շնորհէ գիտակցութեան պարգեւը փառաբանելու եւ երախտապարտութեան վերաբերմունք ցուցաբերելու՝ մեր ապրած միջավայրին նկատմամբ որ ինչպէս յաճախ կրկնած ու հաստատած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մեզի տրուած է որպէս պարգեւ, որպէսզի զայն պահպանենք ու խնամենք ու զայն ապագայ սերունդներուն համար թողունք որպէս ժառանգութիւն։

Շրջակայ միջավայրի պահպանութեան համաշխարհային օրը հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1972 թուականին ու ամէն տարի կը նշուի Յունիս 5-ին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2018, 13:30