Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն 

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Ֆրանսա

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Էմմանուէլ Մաքրոնի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին, հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ յառաջիկայ 26 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Էմմանուէլ Մաքրոնի:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ որ Ֆրանսայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումէն ետք նոյն օրը յետմիջօրէին, պիտի այցելէ Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի տաճար՝ այնտեղ ստանալու համար «Լատերանի պաշտպան» պատուոյ տիտղոսը, որ ընդհանրապէս վերապահուած է Ֆրանսայի նախագահներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 14:08