Միջազգային Քարիթասի նոր քարոզարշաւը գաղթականներուն ի նպաստ

Գործով եւ ոչ խօսքով աջակցինք գաղթականներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միջազգային Քարիթասը, յունիս ամսոյն 2018-ին, ձեռնարկած է «համաշխարհային գործողութիւններու շաբաթ» բնաբանով նոր քարոզարշաւ մը քաջալերելու համար ոչ միայն կաթողիկէ հասարակութիւնները՝ բաժնեկցելու ապաստանեալներուն եւ գաղթականներուն ուղին:

17-էն 24 յունիս 2018-ին, «Միջազգային Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը սկիզբ պիտի տայ «համաշխարհային գործողութիւններ շաբաթ» ձեռնարկին, որ մաս կը կազմէ «բաժնեկցիլ ուղին» քարոզարշաւին, կազմակերպութեամբ միջազգային Քարիթաս բարեսիրական հաստատութեան, որուն նախագահն է Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէն:

Վերոնշեալ ձեռնարկի իրականացումով համայն աշխարհի քարիթասի կազմակերպութիւնները շօշափելի պատասխաններով կ՝ընդառաջեն Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին ՝ աջակցելու հանդիպումի մշկայոյթին :

«Համաշխարհային գործողութիւններուն շաբաթ» ձեռնարկի ծիրէն ներս համայն աշխարհի քարիթասներու գրասենեակները կազմակերպած են ճաշկերոյթներ, հանդիպումի եւ բաժնեկցութեան ձեռնակներ, օժանդակելու համար ժողովուրդին՝ հասկնալու գաղթականութեան պատճառները եւ փարատելու անոնց վախերն ու նախապաշարումները:

Միջազգային Քարիթասի կազմակերպութեան նախագահ կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ յոյս յայտնած է որ վերոնշեալ համաշխարհային գործողութիւններու շաբաթուան ընթացքին, գործերով եւ ոչ թէ խօսքերով ցոյց տրուի, թէ ինչ կը նշանակէ խնամք տանիլ գաղթականներուն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել միջազգային Քարիթասի հետեւեալ կայքէջին journey.caritas.org/gwa18

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2018, 10:31