Ֆրանչիսկոս Պապ Միանմարի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Միանմարի մէջ 

Միանմարի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Քրիստոնէութիւնը Միանմար մուտք գործած է ԺԶ դարուն Փորթուկալցի միսիոնարներու քարոզչութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի՝ 8 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ կ՛ընդունի Միանմարի Միացեալ Հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, որուն առթիւ հանդիպումներ կ՛ունենան նաեւ Վատիկանի Վերին Իշխանութեան զանազան բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու ու պատասխանատուներուն հետ։

Միանամարի հանրապետութիւնը ունի 676.577 Քմ քառակուսի տարածք եւ 51 միլիոն 486 հազարէ աւելի բնակչութիւն որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը հետեւի Պուտտայական կրօնի՝ 89 առ հարիւր, ապա կան Իսլամ, Հինդու ու այլ աւանդութիւններու պատկան փոքրամասնութիւններ, որոնց շարքին են նաեւ կաթողիկէները, որոնք կը կազմեն բնակչութեան միայն 1.2 առ հարիւրը, այսինքն 688 հազար հաւատացեալ, 2014-ի Քահանայապետական Տարեցոյցի տուեալներու համաձայն։

Միանմարի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի երեք Աւագ Թեմեր ու 13 ենթաթեմեր ուր կը գործեն աւելի քան 2500 կրօնաւորներ ու 3 հազարէ աւելի աշխարհական կրօնուսոյցներ, յատկապէս զբաղելով երկրին աղքատներով, որոնք կը կազմեն բնակչութեան 40 առ հարիւրը։ 

Հակառակ փոքրաթիւ ըլլալուն, կաթողիկէ եկեղեցին յանձնառումով կը գործէ երկրին կառուցման աշխատանքին ու երկրի միութեան ու խաղաղութեան ի նպաստ, ապա մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու զանազան խաւերու մէջ երկխօսութիւն հաստատելու համար։

Վերոնշեալ նիւթերը արծարծուեցան նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, անցեալ նոյեմբեր 2017-ին Երկրին տուած առաքելական այցելութեան առթիւ, ուր խօսքը ուղղելով իշխանութիւններուն  հաստատած էր «Միանմարի ապագան ըլլալու է խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւն որ կառուցուելու է մարդու իրաւունքի յարգանքի ու ընկերութեան ամէն մէկ անդամի յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ ցեղախումբի ու անոնց ինքնութեան յարգանքի վրայ…ուր ոչ մէկը եւ ոչ մէկ խումբ պէտք է բացառուի այն իրաւունքէն՝ իր սատարը տալու հասարակաց բարիքին։

Քահանայապետը ապա եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին խրախուսած էր զանոնք խթանելու միութիւնը, սէրը, ու «բուժելու» ժողովուրդին կեանքը, եւ այնպէս ընելու որ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունենայ իր կառուցողական դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս։

Քրիստոնէութիւնը Միանմար մուտք գործած է ԺԶ դարուն Փորթուկալցի միսիոնարներու քարոզչութեամբ ու աւելիով ծաղկուն դարձած է Ի եւ ԻԱ դարերուն ընթացքին, ուր նաեւ սակայն չեն պակսած եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած հալածանքներ։

2013 թուականի հոկտեմբեր 28-ին Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Տիկ Աունկ Սա Սու Քյին Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհելէ ետք, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ երկու պետութիւններու միջեւ կայ հիմնարար ներդաշնակութիւն՝  հանդիպումի մշակոյթի եւ միջկրօնական երկխօսութեան նիւթերու շուրջ, ընդգծելով նաեւ Սրբազան Քահանայապետին գնահատանքը Տիկին Աունկ Սա Սու Քյին յանձնառումին համար՝ երկրին զարգացումին ու  ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ, վերահաստատելով նաեւ եկեղեցւոյ թիկունքն ու յանձնառումը։

2014-ին Միանմարի Եկեղեցին տօնախմբեց երկրին աւետարանութեան 500րդ ամեակի յոբելեանը ու յաջորդ տարին՝ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատմութեան մէջ առաջին անգման ըլլալով կարդինալական տիտղոսը շնորհեց՝ Պիրմանացի Կարդինալ Շարլ Պօյին։

Պիրմանիոյ Եկեղեցին ապա 2017 տարին  հռչակեց «Խաղաղութեան Տարի» ու նոյն տարուան 24 մայիսին, Սուրբ Աթոռը եւ Միանմարի հանրապետութիւնը  կնքեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրը։

27 օգոստոս 2017-ի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց դադրեցնելու Ռոհինճա ցեղախումբի դէմ գործադրուած հալածանքները, ապա 27-30 նոյեմբեր 2017-ին Ան իր 21-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը յատկացուց Միանամարին ու Պանկլատէշին, ու կեցութեան ընթացքին հայցեց խաղաղութիւն ու հաշտութիւն ու հրաւիրեց միշտ մերժել ոխերմութեան տրամաբանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 10:40